2009-08-04 14:12:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը Փաքիստանի քրիստոնեաներու սպաննութեան ի լուր։



Վատիկանի Պետական Քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ յանուն Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց փաքիստանի մէջ սպաննուած քրիստոնեաներուն պարագաներուն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Փաքիստանի քրիստոնեայ համայնքին, Աստուծմէ խնդրելով իր արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք եւ միաժամանակ Սրբազան հայրը փաքիստանի ընկերութենէն կը խնդրէ որ հրաժարի բռնարարքներէն որ պատճառ է բազմաթիւ ցաւերու եւ ընթանայ խաղաղութեան ճամբու վրայ։ Յայտնենք թէ

Փաքիստանի մէջ 8 քրիստոնեաներ ողջ այրեցան ծարայեղ մահմետականներու ձեռքով Բունճաբի մարզին մէջ։ Անոնց շարքին կային երախայ մը եւ չորս կիներ։ Ահաբեկիչները քանդեցին տասը տուներ եւ այրեցին երկու եկեղեցիներ։ Նորին Սրբութիւնը Օգոստոս ամսուայ որպէս միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած էր աղօթել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հալածուած եւ հարստահարոուած քրիստոնեայ համայնքներու համար, որպէսզի ճանչցուին մարդու իրաւունքները եւ կրօնական հաւասարութիւնը եւ ազատութիւնը, եւ այսպէսով ամէն անհատ կարողանայ հրապարակաւ ապրիլ ու դաւանիլ իր հաւատքը։ Երկրի Քրիստոնեայ 62 դպրոցները 3 օրուայ գործադոյլ կը կատարեն առ ի բողոք այս անողորմ յարձակումին, մենք կ'ողբանք մահը անմեղներու յայտարարած է մամուլին Սալիմ Մայքըլ պատասխանատու կաթողիկէ դաստիարակութեան կոմիտէին։ Քրիստոնեայ համայնքը պետութենէն կը հահանջէ երաշխաւորել ապահովութիւնը կրօնական փոքրամասնութիւններու։

- Կղերի ժողովի կառավարիչին թուղթը աշխարհի բոլոր քահանաներու Արսի սուրբ քահանային տօնին առթիւ, որ կը զուգադիպի երեքշաբթի օգոստոս 4-ին։



Կարտինալ Գլաուտիօ Հիւմմէն` կառավարիչը կղերի ժողովին, Արսի սուրբ ժողովրդապետի տօնին առիթով, նամակ մը յղած է աշխարհի բոլոր քահանաներուն, ունենալով որպէս բնաբան Յիսուսի սա խօսքը. ''Ես չեմ եկած աշխարհը դատելու, այլ փրկելու''։ Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը քահանայական տարին հռչակեց անցեալ յունիսին հիմնուելով Արսի սուրբ քահանային մահուան 150-րդ տարեդարձին վրայ եւ զայն նշանակելով որպէս աշխարհի բոլոր քահանաներու պաշտպան սուրբը։Կիրակի օրը, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը,ոգեկոչեց Արսի սուրբ ժողովրդապետը որպէս ճշմարիտ տիպարը բոլոր քահանաներու։ Իր նամակին մէջ Կղերի Ժողովի կառավարիչը կը գրէ. Մենք հովիւներս կանչուած ենք հոգիներու փրկութեան համար աշխատելու։ Յիսուս համաբարձումէն առաջ հետեւեալ պատուէրը տուաւ իր աշակերտներուն. ''գացէք աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք , յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ ... եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը։ Քահանան հետեւաբար կոչումով հրաւիրուած է իր շրջապատէն դուրս գալ եւ երթալ Աւետարանը քարոզելու ընկերոպւթեան բոլոր խաւերուն, նախ կնքուածներուն եւ ապա հեթանոսներուն վստահ ըլլալով Քրիստոսի ներկայութեան մեր մէջ եւ վստահ ըլլաով թէ ան պիտի շարժէ սրտերը մեր ունկնդիրներուն։



- Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը դարձեալ դատապարտեց ս. Երկրի մէջ տիրող ընդհարումի վիճակը։

Գերերջանիկ ֆուատ Թուալ` Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը ընդունելով ֆրանսացի երիտասարդ ուխտաւորները դատապարտեց Ս. Երկրի մէջ տիրող ընդհարումի վիճակը ցաւ յայտնելով որ կարգ մը ղեկավարներ աւելի խաղաղութենէն կը վախնան քան պատերազմէն։ Ի տես այս ցաւալի կացութեան երիտասարդները կը գաղթեն։ Աշխարհի բոլոր հաւատացեալները Ս. Երկիրը կու գան աղօթելու ու իրենց հաւատքը ամրապնդելու, անոնք ըլլան հրեայ, քրիստոնեայ թէ մահմետական։ Միաժամանակ ամէնքը հոս կու գան բանակցելու եւ մինչեւ օրս, անկարելի եղաւ համաձայնութեան մը հասնիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.