2009-08-04 14:13:36

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն - Խամենէի պաշտօնապէս վաւերացուց Ահմատինեժատը իբրեւ Իրանի նախագահ


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերուն - Խամենէի պաշտօնապէս վաւերացուց Ահմատինեժատը իբրեւ Իրանի նախագահ

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը` Խամենէի, երէկ պաշտօնապէս վաւերացուց Ահմատինեժատը իբրեւ Իրանի նախագահ՝ արարողութեամբ մը, որ կը ձգտէր երկրին ղեկավարութիւնը միասնակամ ցոյց տալ։

Ահմատինեժատ չորեքշաբթի օր Իրանի խորհրդարանին մէջ պիտի տայ իր նախագահական երդումը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իրանին մինչեւ սեպտեմբեր պայմանաժամ տուած է՝ իր հիւլէական ծրագիրին եւ այլ կարեւոր հարցերու շուրջ բանակցելու պատրաստակամութիւն ցոյց տալու համար։ Անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնած էր, որ Ուաշինկթընի հետ բանակցելու առիթը յաւիտեանս ի զօրու պիտի չմնայ։



- Օրենպուրկի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը քննարկէ միջմարզային մակարդակի վրայ հայ-ռուսական գործակցութիւնը խորացնելու կարելիութիւնը։

Ռուսիոյ Օրենպուրկի մարզին նահանգապետ Ալեքսէյ Չեռնիշեւ երէկ ըսած է, որ ռազմավարական գործընկերներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշնակցային յարաբերութիւններն ու քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնն ու փոխադարձ համակրանքը լաւ ազդակներ կը հանդիսանան միջմարզային բնագաւառին մէջ հայ-ռուսական փոխադարձ գործակցութիւնը խորացնելու, զարգացնելու եւ նոր որակի հասցնելու համար։

Այսօր Օրենպուրկի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, Չեռնիշեւ բարձր գնահատած է Օրենպուրկի հայ համայնքին դերը եւ տասնամեակներու նշանակալի ներդրումը մարզի ընկերային-տնտեսական զարգացման եւ մշակութային կեանքին հարստացման գործին մէջ։



- Լիպըրման. Իսրայէլ պատրաստ է Սուրիոյ հետ առանց նախապայմանի բանակցելու։

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է Սուրիոյ հետ առանց նախապայմանի բանակցելու՝ նշելով, որ Սուրիոյ հետ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է հիմնուի Իսրայէլի եւ Յորդանանի միջեւ խաղաղ լուծման օրինակին վրայ։ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսէն պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելու ընթացքին Լիպըրման շեշտեց, թէ որեւէ լուծումի պարագային Կոլանի բարձունքները պէտք է մնան իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ։



Եթէ հայկական հարցը քննարկել կարենայինք, Եթէ հայկական ողբերգութիւնը դիմաիկայել կարենայինք, քրտական հարց գոյութիւն պիտի չունենար կ'ըսէ թուրք լրագրող մը։



- Թրքական Թուտէյզ Զաման օրաթերթը իր 31 յուլիսի թիւին մէջ լոյս ընծայեց Օրհան Քեմալ Ճենկիզի Քրտական հարց հայկական հարցին վերաբերեալ տգեղ ճշմարտութիւնը խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ յօդուածագիրը առաջին տողերէն իսկ կը նշէ իր յօդուածին միտք բանին։ Ան կը գրէ, որ եթէ Հայկական հարցը կարենայինք ազատ կերպով քննարկել, եւ հայկական ողբերգութիւնը կարենայինք դիմակայել, քրտական հարց գոյութիւն պիտի չունենար։ Երբ հայկական հարցը հասկնալէ շատ հեռու ենք, կրնա՞նք քրտական հարցը լուծելու մօտ ըլլալ։Ճենկիզ իր յօդուածը կը փակէ նշելով, որ եթէ հայկական ողբերգութիւնը հասկցած ըլլայինք, քրտական հարցին մէջ մխրճուած պիտի չըլլայինք։ Եթէ մեր անցեալը հարցականի տակ չառնենք, կարգ մը մարդիկ անգամ մը եւս խորքային պետութիւնը պիտի վերականգնեն, կարգ մը մարդիկ ապագային պիտի ջանան ՔԱԿ-ը վերահաստատել։ Ամէն բան կախեալ է այս ահաւոր կառոյցներուն բարոյական հիմերը քանդելէն եւ այս մէկը կախեալ է անցեալին մէջ ամէն բան դիմակայելէն։ Կրնա՞նք սկսիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.