2009-08-03 13:31:54

Ծիսական ժամանակացոյց (Կիրակի 2 Օգոստոսէն մինչեւ Շաբաթ 8 Օգոստոս)


Ծիսական ժամանակացոյց (Կիրակի 2 Օգոստոսէն մինչեւ Շաբաթ 8 Օգոստոս)

Կիրակի 2 Օգոստոս 2009 Վարդավառի Բ. Կիրակին է

Երկուշաբթի 3 Օգոստոսին կը յիշատակուի Ս. Սահակի եւ Ս. Յովսէփի տօնը։

Սահակ եւ Յովսէփ Կարնեցիք, զաւակներն են Հագարացի իշխանազունի մը որ կանուխէն կարնոյ մէջ հաստատուած ըլլալով ամուսնացած է հայ քրիստոնեայ կնոջ մը հետ, անոր արտօնելով ՜՜ոչ միայն ինքը քրիստոնեայ մնալ, այլ նաեւ իր զաւակներն ալ քրիստոնէական կրթութեամբ մեծցնել՝՝։

Երեք զաւակներ ունեցած է Եուսուֆ, Իսաակ իսկ երրորդին անունը անծանօթ մնացած է։ Իսլամ հօր զաւակներ ըլլալով, Քուրդիկ Մամիկոնեան իշխանը ջանադիր կ՝ըլլայ Յովսէփը իր ընտանիքով միասին Սահակին հետ փախցնել, սակայն չեն յաջողիր , ասոր համար Յովսէփն ու Սահակը կը ձեռբկալուին ու դատարանի առջեւ կը հանուին։ Ի դերեւ կ՝ելլէ զանոնք իրենց հօր կրօնքը ընդունելու համար թափուած ջանքերը. նոյնիսկ իրենց հայրը կը յորդորէ որ կեղծ ուրացութիւն կատարեն եւ ապա Յունաստան փախչին սակայն ի զուր... անոնք մնան հաստատ իրենց հաւատքին մէջ այս պատճառաւ ալ կը գլխատուին 808-ի Հոկտեմբեր 19-ին։ Կարնոյ քաղաքի մէջ, կեդրոնը՝ իսլամներու կողմէ պատուուած երկու գերեզմաններ կան, զանոնք տեղացի քրիստոնեաները Սահակի եւ Յովսէփի գերեզմանները կը համարէին մինչեւ վերջերը։

Երեքշաբթի 4 Օգոստոսին տօնն է 12 Սուրբ մարգարէներու՝ Ովսէի, Ամովսի, Միքիայի, Յովելէի, Աբդիի, Յովնանի, Նաւումի, Ամբակումի, Սոփոնիի, Անգէի, Զաքարէի եւ Մաղաքէի։

Գիրք ունեցող մարգարէները թիւով 16 են, անոնցմէ չորսը ծանօթ են Իբրեւ Մեծ Մարգարէներ, իսկ մնացած 12 ը Փոքր Մարգարէներ որոնց տօնը կը կատարուի Երեքշաբթի 4 Օգոստոսին։ Անոնք այսպէս կոչուած են իրենց գիրքերու ծաւալին համար եւ ոչ թէ գործունէութեան համար։ Ովսէով կը սկսի 12 կոչուած մարգարէներու շարքը։ Ովսէ ապրած ու մահացած է Քրիստոսէ առաջ Ը. դարուն։ Իր մասին գրեթէ ոչինչ գիտենք ամէնէն յատկանշական երեւոյթը այս մարգարէին մօտ՝ իր դժբախտ ամուսնութիւնն է։

Ովսէ պոռնիկ մը կնութեան կ՝առնէ պատգամելու համար որ Իսրայէլ պոռնկացած է. ան իր 14 գլուխներէն բաղկացած գրքին մէջ կ՝ըսէ.՜՜թէեւ ամուսնացած եմ այս կնոջ հետ սակայն իրականին մէջ ան իմ կինս չէ, քանի որ անհաւատարիմ է ինծի եւ ուրիշ այրերու հետ կը յարաբերի. այնպէս էք նաեւ դուք ով իսրայելացիներ. թէեւ Աստուծոյ հետ ուխտ կնքած էք, բայց օտար աստուածներ կը պաշտէք։ Արդարեւ Ովսէի գրքին մեծագոյն մասը Իսրայէլի անհաւատարմութիւններուն ձաղկումն է. իսկ վերջին գլուխը կոչ մըն է ապաշխարանքի, ապագայ երջանկութեան խոստումներով ընդելուծուած, եթէ անոնք սրտանց վերադառնան Աստուծոյ։

Հինգշաբթի 6 Օգոստոսին տօնն է Աթանագինէս եպիսկոպոսի

Աթանագինէս եպիսկոպոսը եղբայրն է Ս. Գր. Լուսաւորիչի տիկնոջ Մարիամին. Սեբաստիոյ եւ Կեսարիոյ միջասահման գաւառէն։

Ան մանկութեան օրերուն ցոյց տալով շնորհքը սրբութեան, որդեգրուեցաւ Սեբաստիոյ եպիսկոպոսէն եւ անկէ քահանայ ձեռնադրուելով գնաց նուիրուելու՝ բարբարոսներու ձեռքը ինկած ՜՜գերիները ազատելու գործին՝՝։ Եպիսկոպոս օծուեցաւ Պիտաքտոնի ու նշանաւոր եղաւ իր մեծագործութիւններով։ Զինք մատնած էր իր աշակերտներէն մէկը Սեւերիանսը՝ որ ուրացած էր իր հաւատքը ասոր համար զինք կրակը նետեցին եւ այնտեղ մահացաւ։ Լուսաւորիչը Կեսարիոյ Ղեւոնդիոս հայրապետէն պարգեւ ստացաւ Աթանագինէսի մարմինը զոր Ս. Յովհաննէս Կարապետի նշխարներուն հետ Հայաստան բերելով զանոնք զետեղեց հայկական վանքերուն մէջ։ Աթանագինէս եպիսկոպոսը կը նկատուի Որսի պաշտպան սուրբը։

Շաբաթ 8 Օգոստոսին տօնն է Անտոնիոս, Թէոփիլոս եւ Փոտինիոս վկաներուն։

Անտոնիոս Աղեքսանդրացի մարտիրոս մը, Գ. դարու մէջ ապրած։ Ան տեղւոյն իշխանին առջեւ կուռքերու զոհ մատուցելը մերժած է եւ զանոնք արհամարած ասոր համար իր մերկ մարմինը փայտէն կախելով քերած են անոր միսը որմէ ետք ալ զինք այրած են կրակին մէջ ուր եւ աւանդած է իր հոգին, ան սիրով տարած է այս մահացու ցաւերը աչքերը փակած է , նման քաղցր քունի մէջ թաղուած վիճակի մէջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.