2009-08-03 13:32:22

Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայկական բանակը կը համալրուի շրջանաւարտ 236 նոր սպաներով


Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայկական բանակը կը համալրուի շրջանաւարտ 236 նոր սպաներով

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկը այս տարի տուած է 236 շրջանաւարտ։ Անոնցմէ 233ը՝ երէկ, հիմնարկի շրջափակէն ներս կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, յատուկ վիճակահանութեան ճամբով որոշեց իր ապագայ ծառայութեան վայրը, զօրամասը եւ պաշտօնը։

Հինգշաբթի օր, տեղի ունեցաւ նաեւ զօրահանդէս ու տողանցք Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ, ուր նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ ռազմական հիմնարկի շրջանաւարտներուն յանձնեցին իրենց վկայականները։



Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի աւելցնել մամլոյ կրպակներու թիւը

Փրէս Սթէնտ ընկերութիւնը, որ Հանրապետութեան լրատուական թերթերը տարածելու գործին մէջ գերիշխող դիրք ունի, կը նախատեսէ յառաջիկային մամուլի կրպակներու թիւը հասցնել 500-ի։ Ընկերութեան տնօրէն Արմէն Գաբրիէլեան յայտնեց որ ներկայիս Հայաստանի մէջ ընկերութեան ենթակայութեան ներքեւ կը գործեն 210 մամլոյ կրպակներ, որոնցմէ 130-ը՝ Երեւանի մէջ։ Փրէս Սթէնտը տպագիր մամուլը տարածելու գործունէութիւնը ստանձնած է 2007-ի Հոկտեմբերին, եւ մինչեւ այսօր նախկին հայամամուլէն ստացուած կրպակները փոխարինուած են նորերով։

Արմէն Գաբրիէլեանի խօսքով, նոր կրպակներ ունին բաւարար պայմաններ, որակական փոփոխութիւններ կատարուած են մամուլը լիարժէքօրէն ներկայացնելու համար։ Այսպիսի կրպակներ եռապատիկ-քառապատիկ անգամ աւելի մեծ տարածք ունին, նախկիններու բաղդատմամբ։ Նախատեսուած է կրպակներ զետեղել մարզերու մէջ, նաեւ աւելցնել մեթրոյի կայարաններու մօտ գործող կրպակներու թիւը։ Ան հաւաստիացուց որ թերթերը առաւօտեան ժամը 9-ին ո՛չ միայն Երեւանի, այլ նաեւ մարզերու մէջ արդէն իրենց տեղը կը գրաւեն կրպակներէ ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.