2009-08-02 09:16:59

Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Անթիլիասի կաթողիկոսարան - Դպրեվանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նոր սաներու արձանագրութիւն


Լուրեր քրիստոնեայ աշխարհէն - Անթիլիասի կաթողիկոսարան - Դպրեվանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նոր սաներու արձանագրութիւն



Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, հարստացած 79 տարիներու կրթական փորձառութեամբ եւ իրագործումներով, վերանորոգ հաւատքով կը շարունակէ իր կրթական առաքելութիւնը։ Դպրեվանքի ուսումնական ծրագիրը հիմնըւած է գլխաւոր երեք առանցքներու շուրջ - հայագիտութիւն, կրօնագիտութիւն եւ գիտութիւն։ Դպրեվանքէն ներս հայերէն լեզուի կողքին կը դասաւանդուին գրաբար, արաբերէն, անգլերէն ու ֆրանսերէն։ Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղողները կրնան դառնալ հոգեւորական կամ ուսուցիչ, եւ կամ տարբեր համալսարաններու մէջ հետեւիլ մասնագիտութիւններու։ Դպրեվանք կ'ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած ուսման ատակ աշակերտներ։ Կ'ընդունուին նաեւ աւելի բարձր կարգերէն դիմում կատարող թեկնածուներ։ Դպրեվանքի 2009-2010 կրթական տարեշըրջանը պիտի սկսի Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2009ին։ 2009-2010 տարեշրջանին համար նոր սաներու արձանագրութիւնը կը սկսի Օգոստոս 1, 2009 եւ կը փակուի Հոկտեմբեր 5, 2009ին։

13-14 Յուլիս 2009-ին Վիեննայի մէջ, Աւստրիա, կայացաւ Աշխարհի կրօնքներու երկխօսութեան աշխատանքները հետապնդող յանձնաժողովի հանդիպումը։ Արամ Ա վեհափառ հայրապետի խօսքը համագումարին ներկայացուց Լիբանանի հայոց առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեան։

Յանձնաժողովի նախագահ՝ տոքթ. Ապտալլա Ապտըլմըհսէն Ալ Թրքի՝ իսլամ միջազգային լիկայի ընդհ. քարտուղար, կատարեց աշխատանքային նիստերուն բացումը։ Ապա աշխատանքները յառաջացան զանազան նիւթերու շուրջ հակիրճ քննարկումներու լոյսին տակ, ինչպէս՝ կրօնքներու ազատութիւն, հասարակաց պատասխանատըւութիւն կենսոլորտի եւ ժառանգութեան պահպանման մէջ, երկխօսութիւնը գործիք խաղաղութեան եւ հաշտութեան, պաշտպանութիւն կանանց, երիտասարդութեան, ընտանիքի, միատեղ ճիգեր՝ համաշխարհային կայունութեան համար։



Թուրք պետական նախարար մը կ'առաջարկէ վերաբանալ Աղթամար կղզիի եկեղեցին



Թրքական Հիւրրիյէթ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշը, շրջելով Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ, ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է Վանի մէջ։ Մասնաւորաբար, ան առաջարկած է մինչեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիա այցելութիւնը, Աղթամար կղզիի Ս Խաչ եկեղեցին վերաբանալ կրօնական արարողութիւններուն համար եւ գմբէթին վրայ խաչ տեղադրել։ Ըստ Պաղըշի, այդ հարցին մէջ բողոքներ եւ հակազդեցութիւններ պիտի չըլլան, ընդհակառակն՝ ան ամէն օր աշխարհի տարբեր անկիւններէն պահանջներ կը ստանայ Աղթամարը բանալու կրօնական արարողութիւններուն համար։ Եւրոպայի մէջ մզկիթներ կը բացուին՝ իբրեւ աղօթատեղի եւ ոչ մէկ սարսափելի բան կը պատահի։ Այդ պարագային ինչո՞ւ Աղթամարը փակ պիտի մնայ։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայկական սահմանը փակել, քրտերէնը արգիլել եւ ուրիշ խոչընդոտներ զետեղել։ Տարիներ շարունակ սարսափի ժապաւէնին մէջ կապրինք։ Համայնավարութիւնը կը յարձակի՝ խորհրդային սահմանը փակեցէ՛ք, արմատականութիւնը կու գայ՝ Իրանի հետ սահմանը փակեցէ՛ք, ահաբեկչութիւն տեղի կունենայ՝ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ականներ տեղադրեցէ՛ք, հայկական պահանջատիրութիւն կայ՝ Հայաստանի հետ սահմանը փակեցէ՛ք։ Լաւ, այսպէս ո՞ւր պիտի երթանք, ըսած է Պաղը։








All the contents on this site are copyrighted ©.