2009-08-02 09:17:18

Լուրեր հայ աշխարհէն - Փոքր Հայաստան-Մայքըլ Պոպէլեանի Հատորի ներկայացում


Լուրեր հայ աշխարհէն - Փոքր Հայաստան-Մայքըլ Պոպէլեանի Հատորի ներկայացում



ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Սքայլայթ պուքս» գրախանութը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբերին լոյս տեսնող Մայքըլ Պոպէլեանի «Children of Armenia: A Forgotten Genocide and the Century-Long Struggle for Justice» հատորը գրախանութին մէջ պիտի ներկայացուի Սեպտեմբեր 23ին:

Հեղինակը Քոլոմպիա համալսարանի լրագրութեան ճիւղը աւարտած է եւ իրաւաբան մըն է, որուն յօդուածները լոյս տեսած են «Ֆորպզ», «Ամէրիքըն լոըր», «Լիկըլ ըֆէրզ» եւ այլ թերթերու մէջ ու համացանցային կայքերու վրայ: Նիւ եորքաբնակ Մայքըլ Պոպէլեան նաեւ թոռնիկն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու. տուեալ մը, որ մղիչ ուժը եղած է այս հատորին:

Հեղինակը կը գրէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին պատմութեան ծանօթանալէ ետք սկսած է կատարելու պրպտումներ, որոնց ընթացքին չէ կրցած տրամաբանել, թէ Ցեղասպանութեան օրերուն «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ու այլ թերթերու կողմէ հաղորդուած նման դէպք մը ինչպէ՞ս մոռացութեան մատնուած ու անտեսուած է: Միայն «Նիւ Եորք Թայմզ»ի 1915ի արխիւներէն ան գտած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լուրեր փոխանցող 100է աւելի նիւթեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.