2009-08-01 11:55:31

Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայաստան Համահայկական հիմանադրամը Ստեփանակերտի մէջ կը կառուցէ թիւ 11 դպրոց։


Լուրեր հայ աշխարհէն - Հայաստան Համահայկական հիմանադրամը Ստեփանակերտի մէջ կը կառուցէ թիւ 11 դպրոց։

Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի թիւ 11 դպրոցի աշակերտները 2010 թուականի նոր ուսումնական տարին պիտի դիմաւորեն նոր եւ ժամանակակից դպրոցի մէջ։

Արդէն իսկ կանգուն են դպրոցին նկուղային, առաջին եւ երկրորդ յարկերու արտաքին պատերը, իսկ ներկայիս կը կառուցւի վերջին՝ երրորդ յարկը եւ կամբողջացուին մարզասրահին աշխատանքները։

Վերջին հինգ տարիներուն իրագործուած դպրոցաշինութեան ոլորտին մէջ այս կառոյցը իր ծաւալով իսկութեան մէջ աննախադէպ է։

Նշենք նաեւ, որ դպրոցը նախատեսուած է 560 աշակերտի համար, իսկ անոր կառուցման ծախսերը հոգացողներն են՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինը, բարերար Ճերըլտ Թրփանճեան եւ Ղարաբաղի կառավարութիւնը։



Շրջանառութեան մէջ կը դրուի նոր նամականիշ



Հայաստանը Շախմատի Համաշխարհային Օլիմպիադայի կրկնակի չամփիոն խորագրով նոր նամականիշը շրջանառութեան մէջ կը դրուի Հայաստանի մէջ, կը հաղորդէ Հայփոստ ՓԲԸ մամլոյ ծառայութիւնը։ Հաղորդագրութեան համաձայն, նոր նամականիշի մարման եւ շրջանառութեան մէջ մտցնելու արարողութիւնը կայացաւ Յուլիս 29-ին Երեւանի Շախմատի Տան մէջ։

Նամականիշի մարման պաշտօնական արարողութիւնը իրականացաւ ՀՀ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեանի եւ Հայփոստ ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնակատար Արման Խաչատրեանի ներկայութեամբ։ Միջոցառման ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայփոստի կողմէ պատրաստուած ֆիլատելիստական գրքոյկը՝ նուիրուած Հայաստանի հաւաքականի յաղթանակին։



ԱՏՈՄ ԷԿՈՅԵԱՆ ԱՒԱՐՏԱԾ Է ԻՐ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒՄՆԵՐԸ

Քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան աւարտած է իր նոր ժապաւէնին նկարահանումները։ Ժապաւէնը կը կրէ Քլոէ խորագիրը, որ հերոսներէն մէկուն անունն է։

Ժապաւէնին հիմքը կը կազմեն զոյգի մը անձնական յարաբերութիւնները, որոնք բարդ հոգեբանական դրսեւորումներ կունենան։

Ժապաւէնին գլխաւոր դերերուն մէջ հանդէս եկած են հեղինակաւոր դերասաններ Լիյամ Նիսոն եւ Ճուլիանա Մուր։ Քլոէի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին, Թորոնթոյի փառատօնին ընթացքին, այնուհետեւ պիտի սկսի ճամբորդել Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.