2009-08-01 11:55:14

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու։


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու։

Երեւան - Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբի նիւթական աջակցութեամբ արդէն իսկ իրենց աւարտական հանգրուանին հասած են Երեւանի Սուրբ Աստուածամայր բժշկական կեդրոնի հարաւ-արեւմտեան թաղամասի մասնաճիւղին մանկաբարձական բաժանմունքին հիմնական նորոգման աշխատանքները։

Նշենք, որ պոլսահայ բարերար Յակոբ Գիրթլեանի աջակցութեամբ 2006-2007 թուականին հիմնադրամը վերանորոգած է նոյն բժշկական կեդրոնին գլխաւոր մասնաշէնքին երկու բաժանմունքները, որոնցմէ մէկը նոյնիսկ կահաւորուած է։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Մեծն Բրիտանիոյ յանձնախումբին հովանաւորութեամբ առողջապահութեան ոլորտին մէջ այլ ծրագիրներ եւս իրագործուած են Քանաքեռ-Զէյթուն բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր հիմնովին նորոգուած է Արթիկի հիւանդանոցը։



Հայաստան համահայկական հիմնադրամը, Կիպրոսի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութեամբ, բարեկարգած է Տաւուշի մարզի Ակնաղբիւր գիւղի դպրոցի մարզադաշտը եւ զայն համալրած է ոտնագնդակի, կողովագնդակի եւ այլ մարզաձեւերու անհրաժեշտ սարքերով ու գոյքերով։

Հայաստան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտնած է, թէ ուրախալի երեւոյթ է այն, որ այսուհետեւ Ակնաղբիւրի դպրոցականները պիտի կրնան օրուան լարուածութիւնը թօթափել բարեկարգուած մարզադաշտին մէջ եւ այս նուիրատուութեան շնորհիւ մարզանքի պահերը պիտի դառնան առաւել հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ։

Յիշեցնենք, որ շնորհիւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի տեղական մարմնի ջանքերուն, արդէն իսկ շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր Ակնաղբիւրը օժտուած է կազով, ունի նաեւ ոռոգման համակարգը, իսկ Քանատայի հայերու շնորհիւ այսօր համայնքին մէջ շուրջ 3,5 քիլոմեթր երկարութեամբ խմելու ջուրի խողովակաշարի կառուցման աշխատանքներ տեղի կ'ունենան։



Մաշտոց Չոպանեան դասախօսութիւնը Լա Քանիատայի եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ եկեղեցւոյ մէջ

Կազմակերպութեամբ Լա Քանիատայի եւ Քրեսէնթա հովիտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, աջակցութեամբ Ծխական խորհուրդի անդամներուն, Լա Քանիատայի եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Յիսուսի Պայծառակերպութեան (Վարդավառի) տօնին։ Տիկնանց միութեան անունով Լենա Սիմոնեան բացատրեց օրուան հաւաքին շարժառիթը։ Ապա օրուան բանախօս, առաջնորդարանի քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Մաշտոց Չոպանեան ներկայացուց Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը, անոր իմաստը եւ նշանակութիւնը նիւթը։ Դասախօսութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.