2009-07-31 15:33:34

ՔԱՀԱՆԱՆ Ո՞Վ է - Ի՞ՆՉ կ'ԸՆԷ, խորհրդածութիւն


ՔԱՀԱՆԱՆ Ո՞Վ է - Ի՞ՆՉ կ'ԸՆԷ, խորհրդածութիւն



Խօսք իմ որդւոյս

Ի՞նչ պիտի ընես երբ մեծնաս։ Բժի՞շկ կ'ուզես ըլլալ. Ճարտարաղպե՞տ. Արուեստագէ՞տ. Հողագոր՞ծ. Գործաւո՞ր. Դաստիարա՞կ. Օդանաւո՞րդ...

Այս հաղորդումը պիտի օգնէ հասկնալու քահանային ինչ ըլլալը, թէ ինչպէս մէկը կը պատաստուի քահանայ ըլլալու:

Գեղեցիկ են բոլոր պաշտօնները: Սակայն քահանայութիւնը ամէնքը կը համառօտէ՝ գերբնական նշանակութիւնը մը տալով անոնց: Քահանան հոգիներու բժիշկն է. ճարտարապետը, որ Աստուծոյ տանող ճամբաները կը բազմացնէ. արուեստագէտը, որ հոգիներուն վրայ Տիրոջ դիմագիծը կը քանդակէ. հողագործը, որ աստուածային շնորհքներով կը սերմանէ եւ անոնցմով կը հասցնէ հունձքը, երկնաւոր շտեմարանները լեցնելու համար. Աստուծոյ գործաւորը, որ դժուարին աշխատանքի գնով՝ մարդիկը աւելի բարի կը դարձնէ. դաստիարակը, որ աստուածային ճշմարտութիւնները կը սորվեցնէ. օդանաւորդը, որ մարդիկը դէպի բարձունքները կ’առաջնորդէ:



Բայց յատկապէս, քահանան մարդ մըն է զոր Քրիստոս ընտրած է զայն՝ օգտագործելու եւ անոր միջոցաւ Եկեղեցւոյ մէջ շարունակելու համար իր բարութեան, աղօթքի, ներողամտութեան եւ առաքելութեան կեանքը:

Երբ քահանան կը պատարագէ, Յիսուս անոր միջոցաւ կը փոխէ հացը իր մարմնին՝ ինքզինքը մարդոց տալու եւ զանոնք իրարու հետ կապելու համար՝ այն սիրով որ զինքը երկնաւոր Հօրը հետ կը կապէ:

Երբ քահանան կը քարոզէ, քրիստոնէականի դաս կ’աւանդէ, կամ խոստովանարանի մէջ մեղաւորները կ’ուղղէ, Յիսուս անոր միջոցաւ կը շարունակէ իր լոյսի եւ խաղաղութեան պատգամն աւանդել:

Քահանային կեանքը նուիրուած է միայն զԱստուած մարդոց տալու եւ անոնց օգնելու իրենք զիրենք յօժարակամ Աստուծոյ տալու:

Ուր որ սուրբ քահանայ մը կայ, հոն մարդիկ աւելի երջանիկ եւ աւելի բարի կը դառնան:

Չկայ կեանք մը աւելի գեղեցիկ քան քահանային կեանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.