2009-07-31 15:27:20

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու



ՍՈՒՐԻԱ - Քրիստոսի յարութեան տօնին առիթով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ առաջին տիկինը այցելած էին Հալէպի մէջ գործող Սուրիահայ օգնութեան խաչի մանկատունը։ Յաջորդ օրը նախագահական նստավայրին մէջ Պաշշար Ասատ 10 հազար տոլար յանձնած է մանկատան ներկայացուցիչներուն։

Վերջին օրերուն Սուրիոյ նախագահը կատարած է մանկատան սաներէն մէկուն՝ հայ աղջնակի մը տուած իր խոստումը։ Պաշշար Ասատ վճարեց համալսարանին մէջ հայ աղջկան կրթութեան բոլոր ծախսերը։ Հալէպի մանկատունը 1953 թուականէն ի վեր կը գործէ ՍՕԽ-ի հովանիի տակ, ան միշտ նպաստած է համայնքի ընկերային հարցերու լուծման։ Իր հիմնադրութեան օրէն մանկատան մէջ դաստիարակուած են հայկական չքաւոր ընտանիքներէ 2 հազար մանուկներ։



Մոսկուա - Յուլիս 30-31ը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ բնական ու տեխնածին բնոյթի արտակարգ իրավիճակներու հարցերով միջպետական խորհուրդի 23-րդ նիստը։ Կը ծրագրուի, որ միջոցառման մասնակցին ինը պետութիւններու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Պելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրխզիստանի, Մոլտովայի, Ռուսաստանի, Տաճիկիստանի եւ Ուզպեկիստանի ներկայացուցիչները։ Նիստի մասնակիցները պիտի քննարկեն բնական ու տեխնածին բնոյթի արտակարգ իրավիճակներու կանխման ու անոնց հետեւանքներու վերացման գործով ԱՊՀ-ի երկիրներու նախարարութիւններու ու գերատեսչութիւններու համագործակցութեան հարցերը։

Քաուչուկի արտադրութեամբ զբաղուող Նայիրիտ գործարանը, կակնկալուի, իր արտադրութիւնը վերսկսի Օգոստոս 15-էն մինչեւ Սեպտեմբերի սկիզբի ժամանակահատուածին։ Ներկայիս շինարարական-վերանորոգման եւ վերագործարկման աշխատանքներ կընթանան։ Գործարանի արտադրման աշխատանքները դադրած էին, արտադրամասերէն մէկուն մէջ՝ Մայիս 14-ին տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով՝ բռնկուած խոշոր հրդեհէն յետոյ։ Վերանորոգման աշխատանքներ կընթանան ոչ միայն հրդեհէն վթարուած, այլեւ ուրիշ արտադրամասերուն մէջ ալ։



Ղազախստան - Լոյս հայ մշակութային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Ալմատիում (Ղազախստան) կազմակերպուած էր ստեղծագործական երեկոյ՝ նուիրուած հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի 140-ամեակին։ Հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի սաները ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի զանազան հեքիաթներու բեմադրութիւններ եւ շարք մը ստեղծագործութիւններ։



Վրաստան - Պաթումի մէջ Օգոստոս 20-23 տեղի պիտի ունենայ Ոսկէ գեղմ առաջին պարահանդէսը։ Ինչպէս նշած է Վրաստանի զբօսաշրջութեան եւ հանգստավայրերու վարչութեան ղեկավար Պեոտր Կանկավան, Ոսկէ գեղմը կը նպաստէ մասնակից երկիրներու միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու եւ զբօսաշրջութեան ներուժի զարգացման։ Ներկայ պահի դրութեամբ պարահանդէսին մասնակցելու փափաք յայտնած են Հայաստանի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Ուքրանիոյ, Ատրպէյճանի, Լիտվայի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Լատվիայի խումբերը։ Յաջորդ պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յաղթող երկրին մէջ Օգոստոս ամսուն։ Պարահանդէսի մրցանակային պարգեւը կը կազմէ 10 հազար եւրօ։

Պարահանդէսին կարելի է մասնակցիլ կրթական հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, մասնագիտական ստեղծագործական միաւորումներու, սիրողական ստեղծագործական միաւորումներու խումբեր։



Գանատա - Գանատահայ Շահէ Թանաչեան ուղարկած ելեկտրոնային նամակով մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ 6 տարի անդամավճար չվճարելու պատճառով Հայաստանը կանգնած է միջազգային աստղագիտական միութեան անդամակցութենէն զրկուելու վտանգին առջեւ։ Իւրաքանչիւր տարուայ համար Հայաստանը պարտաւոր է վճարել 3500 գանատական տոլար։ Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Հ Յարութիւնեանէն ստացուած է ահազանգի նախազգուշական նամակը, որ եթէ մինչեւ Յուլիս 31 վճարումը չկատարուի, ՀՀ պիտի զրկուի անդամակցութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.