2009-07-30 10:56:10

Լուրեր հայ աշխարհէն

Ասորի եւ հայ ոսկերիչներուն համար՝ երկու մատուռնե


Լուրեր հայ աշխարհէն

Ասորի եւ հայ ոսկերիչներուն համար՝ երկու մատուռներ



Պոլսոյ Ենի Պոսնա թաղամասին մօտերը վերջերս կառուցուած է Գույումճուքէնթ համալիրը, ուր կ՛ակնկալուի, որ հաւաքուին Փակ շուկայի ոսկերիչները։ Այս համալիրին իւրաքանչիւր յարկին վրայ մահմետական աղօթատեղի մը կայ, սակայն որոշուած է, որ հոն կառուցուին նաեւ երկու մատուռներ, որովհետեւ այս նոր համալիրին մէջ պիտի գործեն ասորի ու հայ ոսկերիչներ, որոնք ընդհանուր բնակչութեան 30 տոկոսը պիտի կազմեն։ Ասորիները ոսկիի մէջ յառաջադէմ են, իսկ հայերը՝ գոհարեղէնի մէջ։ Երկու մատուռներու կառուցումով գոհացում պիտի տրուի ասորիներու ու հայերու, ինչպէս նաեւ Գույումճուքէնթ այցելող քրիստոնեայ այցելուներու ու յաճախորդներու կրօնական կարիքին։ Գույումճուքէնթի վարչութեան ատենապետ Սայիտ Էրտալ Մէթինէր դիտել տուած է, թէ ասորիներն ու հայերը երկար ժամանակ Փակ շուկային շուրջ իրենց փոքրիկ աշխատանոցներով, կրցան շօշափել գնորդներուն բազկերակը, սակայն այժմ անոնցմէ շատեր իրենց աշխատավայրը պիտի փոխադրեն Գույումճուքէնթ։ Կառուցուելիք մատուռներուն ներքին յարդարումը պիտի յանձնուի Վանի Աղթամար եկեղեցւոյ վերանորոգութեան մասնակցող հայ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլուի։ Մատուռներուն ծախսը պիտի տրամադրուի յոյն, ասորի ու հայ վաճառականներու կողմէ։



Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 4-6-ը տեղի պիտի ունենայ 9-րդ միջազգային Հայաստան-EXPO 2009

պիզնէս ֆորումը



Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ Սեպտեմբեր 4-6-ը տեղի պիտի ունենայ 9-րդ միջազգային առեւտըրաարդիւնաբերական Հայաստան-EXPO 2009 պիզնէս ֆորումը։ Այն կը կազմակերպէ Logos Exspo կեդրոնը։ Ինչպէս Արմէնփրէս-ին տեղեկացուց կեդրոնի PR տնօրէն Մարի Ղաբազեանը, ֆորումին պիտի մասնակցին շուրջ 200 տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, ընկերութիւններ Հայաստանէն, ԼՂՀ-էն, Իրանէն, Ռուսաստանէն, Պելառուսէն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Սուրիայէն, Չինաստանէն եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններէն։ Ֆորումի շրջանակներէն ներս տեղի պիտի ունենան 7 ցուցահանդէսներ՝ Արդիւնաբերական Հայաստան Expo 2009, Շինարարութիւն Expo 2009, Սննդամթերք եւ խմիչք Expo 2009, Տրանս Expo 2009, Կոմպ Expo 2009, Պոլիգրաֆիա հրատարակչութիւն եւ գովազդ Expo 2009, Կահոյքի սրահ Expo 2009։ Ֆորումի հիմնական նպատակն է օժանդակել Հայաստանի արտադրողներուն, որպէսզի կարենան ձեռքբերել նոր շուկաներ եւ գործընկերներ, ներկայացնել Հայաստանի տնտեսութեան ներուժը եւ այլ երկիրներու ներդրողներու ուշադրութիւնը հրաւիրել։



Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու աճի տուեալները այս տարուայ առաջին կիսամեակի

ընթացքին չեն փոխուած



Այս տարուայ առաջին կիսամեակի ընթացքին , ըստ փորձագիտական հաշուարկներու, Հայաստան այցելած է 207 հազար 729 զբօսաշրջիկ։ Այս տուեալը ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան տարածքային, տնտեսական զարգացման եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանի կարծիքով, հաւանաբար, չի տարբերիր պաշտօնականէն, այլ աննշանօրէն կը տարբերի նախորդ տարուայ ցուցանիշէն՝ 207 հազար 479։ Հայաստան կ'այցելեն հիմնականին մէջ ԵՄ երկիրներէ, ԱՄՆ-է, Իրանէ, Ռուսաստանէ, Վրաստանէ եկող մարդիկ։ ԱՊՀ այլ երկիրներէն զգալիօրէն աւելի քիչ է հոսքը։ ՄԱպրեսեանի խօսքերով՝ Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու աշխարհագրութիւնը կընդլայնուի։ Կուգան այնպիսի երկիրներէ, ուրկէ նախապէս չէին գար, ինչպէս օրինակ Սքանտինաւիա, Թայլանտ, Թայվան, Չինաստան, Ճափոն։ Նախորդ տարի առաջին խումբը եկած էր Թուրքիայէն, եւ բաւական տպաւորուած մեկնեցաւ Հայաստանէն։ Նման խումբ կը սպասումի նաեւ այս տարի։ Սփիւռքը կը կազմէ Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու 60 տոկոսը։ Վարչութեան պետի խօսքերով՝ Սփիւռքը մեծապէս նպաստած է Հայաստանի զբօսաշրջային ձեւաւորման։ Այս տարի եւս ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի պարագային Սփիւռքէ այցելութիւններու կտրուկ նուազում չէ եղած։








All the contents on this site are copyrighted ©.