2009-07-29 13:33:29

Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Լը Գոմբ լեռնային

արձակուրդը։ Ինդրոտի քաղաքապետարանը Սրբազան Քահանայապետին կը շնորհէ պատւոյ քաղքակացիութիւն։


Վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Լը Գոմբ լեռնային

արձակուրդը։ Ինդրոտի քաղաքապետարանը Սրբազան Քահանայապետին կը շնորհէ պատւոյ քաղքակացիութիւն։



Տեղւոյն իշխանութիւնները ողջունելէ ետք, Նորին Սրբութիւնը Լը Գոմբ թողուց տեղափոխուելու ԳասդելԿոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցը։ Մինչ այն Ինդրոտի քաղաքապետարանը որոշեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին շնորհել պատւոյ քաղաքացիութիւնը։ Ինդրոտի քաղաքապետը տիար Օսվալտօ Նաուտին մամուլին յայտնելով իր քաղաքապետարանի խորհրդատուներու կամքը պատւոյ քաղաքացիութիւն շնորհել, որպէս դրդապատճառ տուաւ. Սրբազան Պապին մասնակցութիւնը շրջանի կեանքին, Նորին Սրբութեան ցուցաբերած մեծ գնահատանքը այդ հողին եւ իր ցուցաբերած խանդաղատանքը արձակուրդը անցնելու այդ լեռնաշխարհի մէջ։ Քաղաքապետը ողջերթի խօսքին մէջ կրկին հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը արձակուրդի շրջանը Լը գոմբ անցնելու յաջորդ տարուան համար եւ յանուն շրջանի բնակիչներու ընկոյզի փայտէ արձան մը նուիրեց։

Վատիկանի Պետական Քարուղարը` կարտինալ Պերթոնէի ճառը Իտալական Ծերակոյտին առջեւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''ճշմարտութիւնը սիրոյ մէջ'' շրջաբերական թուղթի մասին։



Վատիկանի Պետական Քարուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, ընդառաջելով Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահ տիար Ռենադօ Սքիֆանիի հրաւէրին, երեքշաբթի յուլիս 28ին, իտալական ծերակոյտին առջեւ ճառմը արտասանեց ներկայացնելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''ճշմարտութիւնը սիրոյ մէջ'' շրջաբերական թուղթը։

Սրբազան քահանայապետին շրջաբերական թուղթը կը սկսի ներածականով մը, ուր կը բացայայտուի ''Սէր'' եւ ''Ճմնարտութիւն'' բառերը։ Այս երկու բառերը, ըսաւ կարտինալ Պերթոնէ առանցքը կը կազմեն Սրբազան քահանայապետի ուսուցումին եւ շրջաբերական թուղթին։ Արդարեւ համերգի մը նման այս երկու բառերը յաճախ կը կրկնուին 145 էջնոց շրջաբերական թուղթին մէջ։ Այդ երկու բառերու խթանող ճշմարիտ ոյժն է անհատի ու մարդկութեան իսկական բարգաւաճումը։

Շրջաբերական թուղթը նախ կը հրաւիրէ մեզ միատեղ նպատակ ունենալու տնտեսութեան եւ ընկերութեան շահերը։ Բարգաւաճումը եթէ իրապէս մարդկային բնոյթ կ'ուզէ ունենալ պէտք է նկատի ունենայ նաեւ ձրիութեան` պարգեւի սկզբունքը։ Ժողովուրդներու յառաջդիմութիւնը կախեալ է այն համոզումէն թէ մենք ամէնքս կը կազմենք մէկ ընտանիք։ Եղբայրակցութեան գաղափարը լաւագոյնս կը յայտնէ ըմբռնումը զօրակցութեան։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը արդարութեան ու պարգեւին, հարց տուաւ կարտինալ Պերթոնէ։ Արդարութիւնը արդիւնքն է պարտականութեան, մինչ պարգեւը գիտակցութիւնն է թէ ես ուրիշի կապուած եմ, կերպով մը ինծի հետ մաս կը կազմէ։ Հետեւաբար որպէսզի ընկերութիւնը լաւ ընթանայ ու յառաջդիմէ կարիգը ունի ձրիութեան սկզբունքին։ Պետութիւնը եւ շուկան որպէսզի կարենան գործել պէտք են ունենալ որպէս կէտնպատակ ընդհանուրին բարիքը։

Ապա կարտինալը բացայայտեց համաշխարհային ֆինանսի տագնապի պատճառները։ Հուսկ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ տիար Սքիֆանիի, որ առիթ ընծայեց անոր բացայայտելու շրջաբերական թուղթին կարգ մը կէտերը։ Իմ ներկայութիւն ձեր մէջ, ըսաւ ան, կերպով մը Սրբազան Քահանայապետին վերադարձը Ծերակոյտի այս Աթոռին, երբ 13 մայիս 2004ին կարտինալ Ռացինկեր դասախօսութիւն մը կատարեց ծերակուտականներու առջեւ ''Եւրոպան եւ անոր հոգեւոր հիմերը երէկ, այսօր եւ վաղը'' նիւթին մասին։ Ապագայ Քահանայապետը կը հաստատէր թէ անհատի արժանաւորութիւնը եւ իրաւունքները օրէնիսդիր են եկած չեն եւ ոչ ալ տրուած քաղաքացիներէն այլ անհատին սեփական իրաւունքն է, որուն օրէնսդիրը պարտական է յարգելու եւ գործադրել տալու։ Կեանքին մէջ իրաւունքներ կան որ ի վեր են օրէնսդիրէն, այդ իրաւունքները Բարձրեալէն կու գան։ Քրիստոնեական հաւատքը ատով կը տեսնէ Արարիչին խորհուրդը, որ մարդը ստեղծեց իր պատկերին ու նմանութեան համաձայն։ ''ճշմարտութիւնը սիրոյ մէջ'' շրջաբերական թուղթը կը հաստատէ թէ մարդկային իրաւունքները չեն յարգուիր երբ կը մոռցուի թէ Աստուածն է հարազատ երաշխաւորը մարդու բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.