2009-07-29 13:34:39

Էջ մը հայ գրականութենէն - Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան «Հայ Գողգոթան»


Էջ մը հայ գրականութենէն - Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան «Հայ Գողգոթան»

Առաջին անգամն ըլլալով անգլերէն հրատարակուող «Հայ Գողգոթան» ականատեսի ամենացնցիչ եւ համապարփակ պատումն է նորագոյն առաջին ցեղասպանութեան:

Ապրիլ 24ին, Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան կը ձերբակալուի Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի շուրջ 250 այլ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու հետ: Արարքը դարձաւ սկիզբը Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կանոնաւոր նկրտումներուն՝ ուղղուած Թուրքիայէն Հայ ժողովուրդի ոչնչացման եւ վերացման. արշաւ մը, որ շարունակուեցաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման տարիներուն, որոնց ընթացքին, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր բնաջնջուեցան եւ տեղահանուեցան իրենց դարաւոր հայրենիքէն: Իր կարգին դատապարտուած Գրիգորիս Պալաքեանի համար, անիկա սկիզբ էր չորս տարուան անսահման տառապանքի, որուն ընթացքին ան պիտի դառնար այդ արիւնալի եւ անվերջ կարաւանի ականատեսն ու մասնակիցը: Պալաքեան իր աչքերով կը տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս իր հայրենակիցները կը ղրկուէին կառքերով, աւանակներու վրայ կամ քալելով, ենթարկուելու անխուսափելի մահուան՝ Հիւսիսային Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Շատերը պիտի չկարենային նոյնիսկ գոյատեւել մինչեւ այդ ուղեւորութեան վերջը՝ զոհ երթալով քաղցի, հիւանդութիւններու, մարմնային անդամահատումներու, բռնաբարութիւններու եւ այլ չարչարանքներու, նախքան մարդասպանութեան ենթարկուիլը՝ ճամբուն վրայ: Այս էջերով, վարդապետը կենդանի պատկերներով կը ներկայացնէ վերապրողներու, օտար ականատեսներու, կոտորածներուն մասնակից դարձած թուրք պաշտօնատարներու գործերն ու խօսքերը, ինչպէս նաեւ բուռ մը քաջասիրտ ու արդարամիտ թուրքերու, որոնք, Պաղտատի երկաթագիծին վրայ աշխատող կարգ մը գերմանացի պաշտօնեաներու հետ, դիմադրութիւն ցուցաբերեցին հայերը սպաննելու հրահանգներուն: Պալաքեան կը յաջողի մազապուրծ ազատիլ: Անտառներու միջով ու լեռներու վրայով, ծպտուած իբրեւ երկաթագիծի աշխատող, ապա՝ իբրեւ գերմանացի բանակային, Պալաքեանի փախուստը սահմռկեցուցիչ ոդիսական մըն է, որուն համար իր վկայութիւնը եզակի արժէք ունի: Խորազնին վերլուծումներն ու ներթափանցումները Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական, մշակութային եւ քաղաքական կողմերուն, որոնք օգտագործուեցան իբրեւ պատճառաբանութիւն զանգուածային մարդասպանութեան համար, եւ իրենց արձագանգումը քսաներորդ դարուն եւ անկէ ետք, այս յուշագրութիւնը կը դարձնեն վերապրողներու եւ գոյատեւման պատմութեան դասական աղբիւր: ՀԵՂԻՆԱԿԸ - Ծնած 1876ին, Գրիգորիս Պալաքեան եղած է իր սերունդի հայ առաջատար մտաւորականներէն մին: Օսմանեան կայսրութեան եւ Գերմանիոյ մէջ ուսանելէ ետք, 1901ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն եկեղեցական եւ կը ծառայէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ՝ իբրեւ պատուիրակ Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռուսիոյ համար: Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը բռնագրաւուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1915ին, քանի մը հատն ալ կորած են այդ տարուան իրադարձութիններու հետեւանքով: Ան հետագային դարձած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ եպիսկոպոսը: Մահացած է 1934ին՝ Մարսէյի մէջ: Յայտնենք թէ Փիթըր Պալաքեան հեղինակն է «Հրկիզուող Տիգրիսը. Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի արձագանգումը» վէպին, որ պարգեւատրուեցաւ 2005ին, «Ռաֆայէլ Լեմքին» մրցանակով եւ օրին դարձաւ «New York Times»ի մեծագոյն տպագանակով վաճառուած (Best seller) գիրքը, ինչպէս նաեւ New York Times-ի ուշագրաւ (Notable) գիրքը: Ան հրատարակած է նաեւ «Ճակատագրի սեւ շունը», որ արժանացած է PEN/Martha Albrand Award Յուշագրութեան արուեստի մրցանակին եւ «New York Times»ի ուշագրաւ (Notable) գիրքի գնահատանքին: Գրիգորիս Պալաքեանը եղած է Փիթըրի հօրը հօրեղբայրը:







All the contents on this site are copyrighted ©.