2009-07-29 13:40:46

Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու - ՄԱԿի հետ 72 միլիոն տոլար համաձայնագրի կնքում - ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան

ընդունած է ՀՀ-ի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Քոնսուէլօ Վիտալը


Ակնարկ մը միջազգային դէպքերու - ՄԱԿի հետ 72 միլիոն տոլար համաձայնագրի կնքում - ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան

ընդունած է ՀՀ-ի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Քոնսուէլօ Վիտալը



Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Հայաստանի մօտ ՄԱԿ մշտական համակարգող Քոնսուէլօ Վիտալի միջեւ կնքուած է համաձայնագիր մը, ըստ որուն Հայաստանի պիտի տրամադրուի 72 միլիոն տոլար՝ 2010-2015 թուականներուն իրականացուող շարք մը ծրագիրներու համար։ Շնորհակալութիւն յայտնելով Քոնսուէլօ Վիտալին՝ Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, թէ գումարները պիտի ուղղուին յատկապէս ընկերային ծրագիրներու, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման եւ նման կարեւոր ծրագիրներու, որոնք էական նշանակութիւն կրնան ունենալ նաեւ ՀՀ տնտեսութեան զարգացման համար։ Իր կարգին, Ք. Վիտալ իրականացուելիք աշխատանքներուն մէջ շեշտած է կաշառակերութեան դէմ պայքարը, աղքատութեան յաղթահարման ուղղուած ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծումը։ Ըստ իրեն, այս քայլով ՄԱԿը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ խոցելի խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։



Ամերիկացի զինուորականը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց



Հայաստան կատարած այցելութեան շրջանակներու ծիրէն ներս, ԱՄՆ Քանսաս նահանգի Ազգային գունդի հրամանատար, գեներալ-մայոր Թոտ Բանթինգի գըլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին։

Նշենք, թէ Յուլիս 21-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունած է ԱՄՆ Քանսասի զինուորականը, որուն կ'ընկերանար Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Յովանովիչը։



2009ի սկիզբէն 60 լրագրողներ զոհ գացած են աշխարհի տարածքին



Ընթացիկ տարուան սկիզբէն աշխարհի մէջ զոհուած է 59 լրագրող։ Այս մասին յայտարարեց Press Emblem Campaign (PEC) միջազգային կազմակերպութիւնը, որ լրագրական աշխարհի հետախուզական կազմակերպութիւններէն է։ Սպաննուած լրագրողներու ցուցակը վերջերս համալրուեցաւ ռուս իրաւապաշտպան՝ լրագրող Նաթալիա Էստեմիրովայով, որ սպաննուեցաւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ Յուլիս 15-ին։ Ընդհանուր հաշիւով, ըստ PECի, Ռուսաստանի մէջ տարուան սկիզբէն զոհուած է 5 լրագրող։ Այս առումով լրագրողներուն համար ամէնէն վտանգաւոր երկիրներու ցուցակն ալ հրապարակուեցաւ, ուր առաջատար դիրքերը կը գրաւեն՝ Մեքսիքոն, ուր թմրեցուցիչներու մաֆիայի զոհ դարձած է 7 լրագրող, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան հարթակի վերածուած Փաքիստանը, ուր զոհուած է 6 լրագրող։ Հինգական հոգի զոհուած է Իրաքի մէջ, Ֆիլիփինի եւ Սոմալիոյ։ Լրագրողներուն համար մահացու վտանգ կը ներկայացնեն Կազայի հատուածը, Հոնտուրաս, Գոլոմպիա, Աֆղանիստան, Կուաթեմալան, Նեփալը, Շրի Լանքան, Վենեզուէլան, Հնդկաստանը, Ինտոնէզիան, Քենիան, Ղրխզիստանը, ինչպէս նաեւ Մատակասքարը։ Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Պլէյզ Լեմպէն փաստած է, որ բռնութիւնը լրագրողներուն դէմ դարձած է կեանքի անքակտելի մէկ մասը այն երկիրներուն մէջ, որոնք ներգրաւուած են հակամարտութեան մէջ։ PEC-ի նախագահ Հետայաթ Նապին ընդգծած է, որ մարդոց իրաւունքներու յարգման գծով ՄԱԿ-ի խորհուրդը դեռ եւս անզօր է լրագրողները բռնութեան դէպքերէ պաշտպանելու գործին մէջ։



Լուրեր։ հայ աշխարհէն - Հայաստանի քաղաքացիութեան ձեռքբերումը թափ կը ստանայ



2009ի առաջին կիսամեակին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած է արդէն 2420 քաղաքացի, ըստ կառավարութեան առընթեր Ոստիկանութեան անձնագրային եւ արտօնագիրներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան փոխ գնդապետ Նորայր Մուրատխանեանի հրապարակած տուեալներուն։ Ան պարզաբանած է, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն սկսած է շնորհուիլ 1997ին, երբ ուժի մէջ մտած են 1995ին ընդունուած Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին օրէնքի կիրառումը ապահովող ենթաօրէնսդրական գործերը։ 1997-2007 ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է 1735 քաղաքացի։ Ան նշած է, որ այդ ժամանակահատուածին երկքաղաքացիութեան համակարգը չէր գործեր, եւ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերողը պարտաւոր էր դադրեցնել այլ երկրի քաղաքացիութիւնը։ Փոխ գնդապետը աւելցուցած է, որ երկքաղաքացիութիւնը թոյլատրուած է 2007ի Փետրուարին, իսկ 2007ի Նոյեմբերին ՀՀ կառավարութիւնը հաստատած է քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու գործընթացը կանոնակարգող որոշում մը։ 2008ին քաղաքացիութիւն, ներառեալ՝ երկքաղաքացիի կարգավիճակ, ստացած է 1554 անձ։



Հայաստանի մասին պատմող The land of Noah վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն արտերկրի մէջ

Սպանական եւ սկանտինաւեան երկու հեղինակաւոր հեռուստաալիքներ ձեռք բերած են Հայաստանի մասին պատմող Նոյի երկիրը (The land of Noah) վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրման իրաւունքը։ Սպանական TVE (Televisiցn Espaրola) հեռուստաալիքը, որը կը հեռարձակուի 450 միլիոն լսարանի համար, արդէն ձեռքբերած է ֆիլմը եւ շուտուվ պիտի սկսի հեռարձակումը։ Սկանտինաւեան երկիրներուն մէջ այն կը հեռարձակուի Սկանտինաւիա հեռուստաընկերութեան միջոցով։ Յիսուներկու վայրկեան տեւողութեամբ անգլերէն ֆիլմը կը ներկայացնէ ամբողջ Հայաստանը, Լեռնային Ղարաբաղը, նաեւ Անին ու Արարատ լեռը։ Կը կատարուի պատմական անդրադարձ պատմական Հայաստանի տարածքին, կը ներկայացուին փաստեր ու վաւերագրական նիւթեր։ Ֆիլմի պատրաստման համար ՀՀ պետական պիւտճէէն ծախսուած է 225 հազար եւրօ եւ 11 միլիոն դրամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.