2009-07-25 11:17:02

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին արտասանած խօսքր Երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին Աուսդա թեմի մայր Եկեղեցւոյ մէջ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին արտասանած խօսքր Երեկոյեան ժամասացութեան ընթացքին Աուսդա թեմի մայր Եկեղեցւոյ մէջ։



Ուրբաթ յուլիս 24-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը Աուսդայի մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախապէս Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունենցաւ քաղաքի իշխանութեան հետ։

Երեկոյեան ժամասացութեան մասնակցած են թեմի եկեղեցականները, կրօնաւորուհիները եւ բոլոր ժողովրդապետութիւններու աշխարհական պատուիրակութիւնները, շուրջ 400 հաւատացեալ։

Ժամասացութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը քարոզ մը արտասանեց Ներշնչուելով օրուայ ս. Գրային ընթերցումէն։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Պօողս առաքեալը Հռոմէացիներու ուղղած թուղթին սկիզբը կը գրէ. Ամենակալ եւ բարեգութ Աստուած։ Բոլոր կրօները կը ճանչնան թէ Աստուած մէկ է եւ չաստուածները Աստուած չեն։ Ոմանց համար Աստուած հեռու է, սակայն մեզի` քրիստոնեաներուս, Աստուած շատ մօտ է մեզի քանի ճանչցանք զինք իր Միածին Որդիին միջոցաւ։ Աստուած համակ բարութիւն է, ճշմարտութիւն եւ սէր։ Աստուած պահապանն է մեր ազատութեան, սիրոյն ու ճշմարտութեան։ Անոր զօրութիւնը եւ ամենակալութիւնը կը կայանայ ներումի ու գթութեան մէջ։ Մինչ աշխարհի իշխաններու զօրութիւնը կը կայանայ հարստութեան, ինչքի ու զէնքի մէջ։ Ճշմարիտ իշխանութիւնը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, շնորհքի ու ողորմութեան իշխանութիւն է։ Արդարեւ Տէրը աշխարհը փրկեց իր Միածին Որդիի չարչարանքով ու տառապանքով։ Պօղոս առաքեալը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները դառնալու ողջ զոհեր աշխարհը բարեփոխելու համար։ Աստուծմէ խնդրենք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, փորձարկելու սիրոյ լիութիւնը, որպէսզի մարդիկը չտառապին անօթութիւնը հացի, արդարութեան ու սիրոյ։ Ժամասացութեան աւարտին Նորին սրբութիւնը ողջունեց բոլոր այն հաւատացեալները որոնք չկարողացան եկեղեցի մտնել ու երեկոյեան աղօթքին հետեւեցան Եկեղեցւոյ հրապարակի վրայ։

Սիրելիներ, շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել ձեր ջերմ ընդունելութեան համար ու ձեր ցուցաբերած գորովին։ Հոս` մենք ամէնքս միացած ենք աղօթքով, ու միացած ենք Քրիստոսի մտերմութեան մէջ։ Ձեզի ամնուդ կը մաղթեմ բարի արձակուրդ ինչպէս ես արձակուրդի մէջ եմ, սակայն առանց արկածախնդրութեան։

Յայտնենք թէ Աուսդա թեմի կատարած այցելութեամբ Նորին Սրբութիւնը ուզեց մեծարել սուրբ Անսելմը, որ այս տարի Աուսդայի թեմը կը ոգեկոչէ անոր մահուան 9րդ դարադարձը։

Սուրբ Անսելմը եղած է աստուածաբան եւ իմաստասէր։ Առաջնորդ Գանթերպուրի թեմին եւ հռչակուած եկեղեցւոյ վարդապետ։ Անցեալ ապրիլ 21ին կարտինալ Ճագոմոօ Պիֆֆին որպէս Քահանայապետական նուիրակ գլխաւորեց Սուրբ Անսելմի ոգեկոչման հանդիսութիւնը։ Այդ առթիւ կարտինալը կարդաց Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որ կը խրախուսէ տեղւոյն բնակիչները հիացումով դիտել իրենց մեծ քաղաքացին եւ որուն լուսաւոր ուսուցումը կը շարունակէ պայծառացնել եկեղեցին։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.