2009-07-25 13:08:24

Հռոմի Հեղինակաւոր Սանթա Չէչիլիա Կաճառի Ջութակի Ամպիոնը յանձնուած ծագումով հայ իտալացի Ջութակահար Սոնիկ Չաքերեանի.......


Հռոմի Հեղինակաւոր Սանթա Չէչիլիա Կաճառի Ջութակի Ամպիոնը յանձնուած ծագումով հայ իտալացի Ջութակահար Սոնիկ Չաքերեանի.......

2009/10 Ակադեմական տարիէն սկսեալ ծագումով հայ իտալացի ջութակահար Սոնիկ Չաքերեանի յանձնուած է ՝Հռոմի Սանթա Չէչիլիայի Ազգային Երաժշտական Կաճառի Մասնագիտութեանց Դասընթացքներու Ջութակի Ամպիոնը։ Հիմնուած 1585ին Սանթա Չէչիլիայի Ազգային Կաճառը աշխարհի ամենէն հնագոյն եւ հեղինակաւոր երաշժտական հիմնարկն է։

Սոնիկ Չաքերեան շատ փոքր հասակին սկսած է ջութակի դասընթացքներուն իր հօրը առաջնորդութեամբ,ապա փոխադրուած է Իտալիա, ուր 16 տարեկանին եւ բարձրագոյն նիշով վկայուած է, ունենալով որպէս վարժապետ Ճովաննի Կուլիէլմո-ն։



Ապա յաջորդաբար իր արուեստը կատարելագործած է Գրէմոնայի մէջ՝Սալվաթորէ Ագգարտօ-ի հետ,Սիէնայի մէջ՝ֆրանքօ Կուլլի-ի հետ,իսկ Զիւրիխի մէջ՝Նաթհան Միլսթայն-ի հետ։ 1980ին Սոնիկ Չաքերեան կը պարգեւատրուի Բականինի-ի անուան մրցոյթին' Ճէնովայի մէջ,Միւնիխի ARD մրցոյթին 1982ին եւ 1988ին։ Սոնիկ Չաքերեան այն սակաւաթիւ ջութակահարներէն մին է որ ուղղակի նուագած է Բականինիի-ի Գաբրիչչի գործը ամբողջութեամբ,որը արձանագրած է նաեւ խտացեալ սկաւառակի վրայ 2003ին։

Որմէս մենակատար ան ելոյթ ուեցած է Լոնտոնի Ռոյալ ֆիլարմոնիքա-ի, Միւնիխի Պայէրիշեր Ռունտֆունք-ի ,Միլանոյի Վէրտի-ի,Նաբոլիի Սան Գարլօ,Արէնա Տի Վէրոնայի,Ի Սոլիսթի Վէնէթի, Վէնէթոյի եւ Բատովայի Նուագախումբի հետ նուագելով՝Բիէրօ Պէլլուճի-ի,Ռիգգարտօ Շայյի-ի,Տանիէլ Կաթթի-ի,Անթոնիօ Եանիկրօ-ի,Տանիէլ Օրէնի,Գլաուտիօ Շիմոնէ-ի,Էմիլ Չաքարովի մականներու ներքեւ։



Իր ամուսնոյն խմբավար Ճովաննի Պաթթիսթա Ռիկոն-ի հետ նիասին Սոնիկ Չաքերեան հիմնած է Վիչէնցայի Ողիմպիական Թատրոնի ՝՝Երաժշտական Շաբաթներ՝՝ Փառատօնը։ 2008ին Սոնիկ Չաքերեան պատիւն ունեցած է նուագելու ի ներկայութեան Իտալիոյ հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նաբոլիթանոյի Քուիրինալէ Պալատին մէջ ,ելոյթը որ ուղղակի կը ձայնասփռուէր Իտալիոյ Պետական RAI հեռուստակայնի՝Ռատիոյի երրորդ կայանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.