2009-07-24 14:06:50

լուրերե հայ աշխարհէն - Արմենիա նաւը կը շարունակէ իր նաւարկութիւնը


լուրերե հայ աշխարհէն - Արմենիա նաւը կը շարունակէ իր նաւարկութիւնը


Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքի նահաւահանգիստէն ճամբայ ելլելով Մայիս 28ին, Արմենիա միակայմ զբօսանաւը կը շարունակէ իր նաւարկութիւնը։
Նաւը կառուցուած է 1991ին, ֆրանսական Պորտօ նաւաշինարանին մէջ։ Նաւեզրերուն, մուգ կապոյտ ֆոնի վրայ, լատինատառ գրուած է Արմենիա։
Զբօսանաւը կեդրոնին կը կրէ յաւերժութեան նշանը՝ հայկական խաչը եւ մեսրոպեան այբուբենի 36 տառերը։ Նաւախելի վրայ, ինչպէս ընդունուած է, գրուած է զբօսանաւուն անունը եւ արձանագրութեան վայրը՝ Երեւան։
նաւու անձնակազմը կը բաղկանայ Զօրի Բալայեանէ, Սամուէլ Կարապետեանէ, Արմէն Նազարեանէ, Հայկ Պատալեանէ, Մուշեղ Բարսեղեանէ, Սամուէլ Սարգսեանէ եւ Վահագն Մատթէոսեանէ, որոնք բոլորն ալ անխտիր Կիլիկիա առագաստանաւով Եւրոպայի շուրջը եռամեայ նաւարկութեան փորձառութիւնը ունին։ Նաւը Վալենսիայէն ուղղուած է Ճիպրալթար, եւ անկէ պիտի հետեւի Ատլանտեան ովկեանոսի ուղղութեան պիտի անցնի Հարաւային Ամերիկայէն, Խաղաղական ովկեանոսէն, Նոր Զէյլանտայէն, Աւստրալիայէն, Ինտոնէզիա, Հնդկական ովկեանոս, Սինկափուր, Հնդկակակն թերակղզի, Պարսից Ծոց, Կարմիր Ծով, Սուէզի ջրանցք, Միջերկրական ծով։ Նաւագնացութիւնը ծրագրած է աւարտել Պէյրութ։

23 Յուլիսին, 1828ին, ռուսները գրաւեցին Ախալքալաքը. Ջաւախքի հայութեան արդի շրջանի պատմութեան սկզբնաւորումը

Յուլիսի այս օրերուն, 181 տարի առաջ, պատմական Հայաստանի հինաւուրց Գուգարաց աշխարհը կ'ապրէր բախտորոշ, այլեւ դարակազմիկ պահեր։
Ճիշդ այսօր՝ 23 Յուլիս 1828ին, երիտասարդ եւ ռազմունակ զօրավարի մը՝ Իվան Պասկեվիչի հրամանատարութեամբ, ռուսական զօրքը յաջողեցաւ կոտրել անառիկ բերդաքաղաք Ախալքալաքի թուրք զօրքերուն բուռն դիմադրութիւնը եւ գրաւեց զայն։
Պասկեվիչի համար Ախալքալաքի գրաւումը սոսկ կայան մըն էր դէպի տաք ջուրեր Ռուսաստանի յաղթական յառաջխաղացքի երկար ճամբուն վրայ։ Յունիսին արդէն Պասկեվիչ կրցած էր գրաւել Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն յառաջապահ միջնաբերդը նկատուած Կարսը եւ հայեացքը ուղղած էր դէպի Կարին (Էրզրում), որու գրաւումը տապարի հարուած մը պիտի ըլլար թուրքերու մահամերձ կայսրութեան համար։
Ռուսաստանի յաղթարշաւին, հետեւաբար, հայ քաղաքական միտքը կը նայէր իբրեւ գրաւականը ազգային ազատագրութեան իր տենչերու մօտալուտ իրականացումին։
Իսկ Ախալքալաքի գրաւումը, որ նախերգանքն էր Օսմանեան Կայսրութեան հիւսիսարեւելեան ծայրամասի այդ սանճաքի կեդրոնին՝ Ախալցխայի հետագայ գրաւումին,
Ամէն պարագայի, 23 Յուլիս 1828ին, ռուսական զօրքը մեծ դժուարութեամբ գրաւեց Ախալքալաքը։
Պասկեվիչ իր ուժերը վերաթարմացուց եւ պատրաստուեցաւ յաջորդ գրոհին՝ սանճաքի կեդրոն Ախալցխայի վրայ, որ պիտի աւարտէր Օգոստոսին։
Պատմութենէն ծանօթ է, նաեւ, որ զօր. Պասկեւիչի յաղթական արշաւանքներուն հետեւանքով լրիւ քարուքանդ եղաւ թուրքերու կառուցած Ախալքալաքի ամրոցն ալ։ 1828ի ռուս թրքական պատերազմը շարունակուեցաւ, թէ՛ Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան եւ թէ եւրոպական տարածքներուն վրայ, մինչեւ 1829ի Սեպտեմբերը, երբ կնքուեցաւ Ադրիանուպոլսոյ հաշտութեան դաշնագիրը Օսմանեան Կայսրութեան եւ Ցարական Ռուսաստանի միջեւ։ Մինչ ռուսները այդ դաշնագրով թուրքերուն վերադարձուցին այնքան դժուարութեամբ նուաճուած Կարսն ու Պայազէտը, Արտահանն ու Կարինը, նոյնը չըրին Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի՝ ընդհանրապէս Ջաւախքի պարագային։ Ջաւախքը անցաւ ռուսական տիրապետութեան՝ վարչական նոր սահմանագծումի ենթարկուած անդրկովկասեան երկու մեծ նահանգներէն մէկուն մէջ առնուելով։
Եւ պատահեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան արդի շրջանի մեծ գաղթերէն մէկը, երբ ազատագրուած Արեւմտահայաստանը պարպող ռուս զօրքի նահանջին հետ՝ Կարնոյ հայութիւնը աւելի քան 30 հազարով գաղթեց դէպի հիւսիսարեւելք՝ Ջաւախք, ուր եւ կառուցեց նոր աւաններ, այդ շարքին եւ այժմու Ախալքալաքը։
Այդպէ՛ս սկսաւ Ջաւախքի հայութեան պատմութեան արդի շրջանը եւ ա՛յդ է բացատրութիւնը, թէ ինչո՛ւ աւելի քան 90 տոկոսով հայաբնակ է Ջաւախքը, իսկ շրջանի հայութիւնը բնախօսական ամէն պատճառ կը տեսնէ՝ ինքզինք անբաժանելի մասը նկատելու մայր Հայաստանին ու հայութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.