2009-07-24 14:08:59

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան փոխնախագահ Խիաօ Ժաոն եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը։ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծած է Ասիական զարգացման դրամատան հետ արագ կշռոյթով զարգացող փոխադարձ գործակցութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է դրամատան արագ արձագանգը եւ հետաքրքրութիւնը այնպիսի մեծ փոխադրական նախագիծերու նկատմամբ, ինչպէս՝ հիւսիս-հարաւ մայրուղիի եւ հիւսիս-հարաւ երկաթուղիի, ինչպէս նաեւ Երեւանի քաղաքային փոխադրամիջոցներու զարգացման ծրագիրները։ Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ համաշխարհային տնտեսական տագնապի հետեւանքները մեղմացնելու եւ նախատեսուած ծրագիրները իրականացնելու համար դրամատան կողմէ Հայաստանի կառավարութեան յատկացուած 80 միլիոն ամերիկեան տոլարի օժանդակութեան համար։ Դրամատան փոխ-նախագահը ըսած է, թէ Ասիական դրամատունը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ երկարաժամկէտ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացումով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ՝ ԻՏԱԼԻՈՅ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հրամանագիր մը ստորագրած է Ռուբէն Կարապետեանը Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն ազատ կացուցելու եւ զայն Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակելու մասին (նստավայրը՝ Հռոմ)։Նախագահ Սարգսեանի նոյն օրուան մէկ այլ հրամանագիրով Արմէն Մելքոնեան նշանակուած է Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Գահիրէ)։

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Գնահատեց Հայ Խաղաղապահներու Վարպետութեան Բարձր Մակարդակը ։

Երէկ Երեւանի մէջ կայացաւ հայ խաղաղապահներու պարգեւատրման արարողութիւնը, որու ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը բարձր գնահատեց հայ խաղաղապահներու վարպետութեան մակարդակը։ Նախարարը նշած է, որ երբ անցեալ տարի ան Քոսովոյի մէջ այցելած է հայ զինուորները, ամերիկեան հրամանատարութեան ներկայացուցիչները գովասանքի խօսքերով արտայայտուած են հայ երիտասարդ զինուորներուն համար, նշելով թէ շատ ուրախ էին որ իրենց ենթակայութեան տակ այնպիսի զինուորներ ունէին։ Պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՀի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մարի Եովանովիչը, ՀՀ-ի մօտ Լեհաստանի դեսպան Թոմաշ Կնոտխեն եւ Քանզասի ազգային Գունդի ղեկավար, Կեներալ-ադյուտանտ, Կեներալ-մայոր Թոտ Բանթինը։ Հայ խաղաղապահները պարգեւատրուած են հայկական, ամերիկեան ու լեհական մետալներով, պատուոյ գիրերով ու արժէքաւոր նուէրներով՝ Իրաքի եւ Քոսովոյի մէջ գերազանց ծառայութեան համար։

Մինչեւ Տարեվերջ՝՝Արմաւիա՝՝ն Կ՛ունենայ 4 Նոր Օդանաւեր։

Մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի ազգային «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի ունենայ 4 նոր օդանաւեր: Ըստ ընկերութեան մամլոյ ծառայութեան տուած տեղեկութեան, նոր օդանաւերը պիտի կրեն «Սուխօ սուփըրճէթ-100», նաեւ մէկական «Էյրպաս Ա-320» եւ «Պոմբարտիէ-200» մակնիշները:Այս տարի «Արմաւիա»ն աւելցուցած է նաեւ նոր ուղղութիւններով թռիչքներ՝ դէպի Պերլին, Զիւրիխ, Հռոմ, Պաթում եւ Խարքով: Երեւան-Լոս Անճելըս թռիչքը պիտի բացուի պետական որոշումէն ետք, մինչ այդ բանակցութիւններ կ՛ընթանան նոր օդանաւեր ձեռք բերելու համար, դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղիղ թռիչքներ իրականացնելու նպատակով: Ներկայ դրութեամբ, «Արմաւիա»ն ամէն ամիս կ՛իրականացնէ 250 թռիչքներ՝ աւելի քան 30 ուղղութիւններով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.