2009-07-22 14:00:53

Պրազիլի եպիսկոպոսական դասի նախագահի մեկնաբանութիւնը ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթին։


Պրազիլի եպիսկոպոսական դասի նախագահի մեկնաբանութիւնը ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթին։



Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը, կը գրէ գերապայծառ Ռոշա` նախագահը Պրազիլի եպիսկոպոսական դասի, ''Իմաստուն, բարեպատեհ եւ լուսաւոր են ''։ ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթով Սրբազան Հայրը կը վերահաստատէ թէ բարգաւաճումը մարդու կոչումն է եւ այդ բարգաւաճումին լիութեան կարելի է հասնիլ եթէ յարգուի սկզբունքը թէ մարդը Աստուծմէ նախասիրուած արարած մըն է, տէր` արժանաւորութեան մը, որ կարելի չէ զոհել յանուն տնտեսութեան։ Սրբազան Քահանայապետին նոր շրջաբերական թուղթը, կը յառէ գերապայծառ Ռոշա, լուսաւոր խօսքեր կը բերէ որ աշխարհամէտ մտայնութիւնը կարող չէ մերժել։ Եկեղեցին կանչուած է ծառայել մարդկութեան, ուստի անոր պարտականութիւնն է յիշեցնել ազգերու պատասխանատուներուն մարդու կեդրոնութիւնը։ Այդ իմաստով Հռոմի Պապը կը յիշեցնէ թէ Եկեղեցին կ'ուզէ անկախ ըլլալ պետութենէն երաշխաւորելու համար կրօնական ազատութիւնը, ասիկա նաեւ պայման է բարգաւաճումին։ Անշուշտ կը գրէ գերապայծառ Ռոշան եկեղեցւոյ գործը չէ թեխնիքական լուծումներ տալ տնտեսական տագնապին։ Անոր պարտականութիւնն է լուսաւորել պատասխանատուները որպէսզի տնտեսութիւնը իր կարգին հետեւի արդարութեան, պարկեշտութեան արժէքներու եւ մարդը դառնայ կեդրոնը տնտեսութեան եւ մասնաւորապէս պաշտպանը ըլլայ աղքատին, կեանքին եւ ջնջէ անհաւասարութիւնները որոնք նախատինք մըն են Արարիչ Աստուծոյ որ մարդը ստեղծեց իր պատկերին ու նմանութեան համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.