2009-07-22 14:00:33

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ողջոյնը Թուր տը ֆրանսի մարզիկներուն


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ողջոյնը Թուր տը ֆրանսի մարզիկներուն

Երերքշաբթի օրը հեծանիւի մրցարշաւը իր անցքը կատարեց Վալլէ տ'Աոսդան, Ինտրոտի մօտ, ուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ամառնային արձակուրդը կը կատարէ։ Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց բոլոր մարզիկներուն։

Վատիկանի մամլոյ գրասենակի տնօրէն` յիսուսեան հայր Լոմբարտին ըսաւ Սրբազան հայրը իր սիրալիր ողջոյնը կ'ուղղէ հեծանիւի մրցարշաւի բոլոր մասնակցողներուն ու կազմակերպիչներուն եւ իր մտածումը կ'ուղղէ նաեւ բոլոր այն մարզիկներուն որոնք ներկայիս կը մրցակցին զանազան մարզերէն ներս եւ կը մաղթէ որ անոնց յանձնառումը նպաստէ անոնց նուաճումներուն իրականացումին յարգելով բարոյական ու կրթական արժէքները։

Երեկոյեան ժամասացութիւն Աուսդային մէջ - Ուրբաթ օրը յուլիս 24-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Աուսդայի մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի մեծարէ սուրբ Անսելմը, որ այս տարի կը ոգեկոչուի անոր մահուան 9րդ դարադարձը։ Յայտնենք թէ սուրբ Անսելմը եղած է աստուածաբան եւ իմաստասէր։ Առաջնորդ Գանթերպուրի թեմին եւ հռչակուած եկեղեցւոյ վարդապետ։ Անցեալ ապրիլ 21ին տեղի ունեցաւ Սուրբ Անսելմի ոգեկոչումը, որ գլխաւորեց կարտինալ Ճագոմոօ Պիֆֆին որպէս Քահանայապետական նուիրակն։ Այդ առթիւ կարտինալը կարդաց Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որ կը խրախուսէ տեղւոյն բնակիչները հիացումով դիտեն իրենց մեծ քաղաքացին եւ որուն լուսաւոր ուսուցումը կը շարունակէ պայծառացնել եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.