2009-07-22 14:12:39

Լուրեր հայ աշխարհէն Բջնի»ն Շուտով Պիտի Վերարտադրուի


Լուրեր հայ աշխարհէն Բջնի»ն Շուտով Պիտի Վերարտադրուի

«Բջնի» հանքային ջուրերու գործարանը վերագործարկելու նպատակով անցեալ 17 Յունիսէն ի վեր աշխոյժ աշխատանքներ կ՛ընթանան: Արսէն Չիկչեանի համաձայն, կառավարիչը՝ «Բջնի հանքային ջրերի գործարանին», արդէն իսկ իրականացած են վերանորոգման լայնածաւալ աշխատանքներ, շտկելու համար ստեղծուած վատ վիճակը. ձմրան ընթացքին արտադրամասերու ոչ ջեռուցման պատճառով, ամբողջովին գործածութենէ դադրած էին հոսքագիծերը, օդամղիչները եւ հանքային ջուր մատակարարող մղիչները: Սակայն շուտով ընկերութիւնը պիտի ունենայ իր պատրաստ արտադրութիւնը, ուր արդէն իսկ կը ծաւալի բնականոն գործունէութիւն՝ 46 աշխատողներով:  Յիշեցնենք, որ «Բջնի հանքային ջրի գործարան»ը սնանկացած յայտարարուած էր։

Հրատարակուած է Մակար Եկմալեանի Բաբելոնի գետերու մօտ ստեղծագործութիւնը

Շարական երգչախումբի հիմնադիր եւ ղեկավար Դանիէլ Երաժիշտ, վերջերս աւարտած է Մակար Եկմալեանի Բաբելոնի գետերու մօտ ստեղծագործութեան վրայ տարած աշխատանքը։ Դանիէլ Երաժիշտ յայտնած է, որ ձեռագրերը իրեն յանձնած են Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւէն, ուր պահպանուած է Մակար Եկմալեանի ձայնադարանը։ Նոթաները մշակելէ ետք, Դանիէլ Երաժիշտ մեղեդին յարմարցուցած է հայկական ոճին, որովհետեւ Մ Եկմալեանի երգը ստեղծագործած է՝ հիմնուելով Դաւիթ արքայի 136-րդ Սաղմոսի ռուսական թարգմանութեան վրայ։

Հաւանական է, որ Բաբելոնի գետերու մօտ ստեղծագործութիւնը Մ Եկմալեան չէ յաջողած աւարտել, հետեւաբար՝ ցարդ չէ հրատարակուած։

Մակար Եկմալեանի անաւարտ ձեռագիրները պիտի հրատարակուին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան առընթեր հոգեւոր երաժշտութեան պետական կեդրոնին կողմէ, իսկ անոր առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան աշնան Շարական երգչախումբին կատարումով։

Դանիէլ երաժիշտ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ քանի մը մասնագէտներու հետ խորհրդակցելով, բաւական դժուարութեամբ կարելի եղած է ռուսական գրութիւնը յարմարցնել հայերէնին։

Մեր նախնիները, նշեց ան, վաղուց ըսած են որ՝ երգին երաժշտութիւնն ու խօսքերը համբուրուելու չափ պէտք է իրարու համապատասխանեն ։

Դանիէլ երաժիշտ հիմնած է երեք պետական երգչախումբեր՝ Տաղարան, Գանձեր եւ Շարական։

Շարական երգչախումբը հիմնադրուած’ 1981-ին Դանիէլ Երաժիշտի կողմէ, իր համերգներուն կը ներկայացնէ հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական դասականներու ստեղծագործութիւններ։ Երգչախումբը հովանաւոր չունի, ան կը գործէ իր հաւատարմութեամբ։ Փորձերը կը կատարուին Դանիէլ երաժիշտի երկու սենեակնոց բնակարանին մէջ, իսկ անոր անդամները կ’աշխատին նաեւ տարբեր վայրերու մէջ։

Բաբելոնի գետերուն մօտ համերգը պիտի ներկայացուի սեպտեմբերին, անոր ընթացքին կը սպասուի անակնկալներ որոնց մասին Դանիէլ երաժիշտ չէ արտայայտուած։

Շարականի յաջողութիւնը, ըստ Դանիէլ երաժիշտի, սիրոյ զգացումն է, որուն կ’ընկերակցի գիտակցութիւնը՝ իւրաքանչիւր անդամի մօտ։ Թերեւս այդ մէկը պահանջուած չէ, բայց շատ կարեւոր է ձերբազատելու այն բոլորէն, որ տարածուած է, մատչելի, բայց եւ այնպէս դէպի համամարդկային արժէքները տանող ուղիին դիմաց խոչընդոտ կանգնող։








All the contents on this site are copyrighted ©.