2009-07-22 14:00:13

Էջ մը հայ գրականութենէն Հայր Արսէն Այտընեան (18251902) Հայոց աշխարհաբարի մեծավաստակ լեզուաէտն ու քերականաէտը։


Էջ մը հայ գրականութենէն Հայր Արսէն Այտընեան (18251902) Հայոց աշխարհաբարի մեծավաստակ լեզուաէտն ու քերականաէտը։

Յուլիս 21ին, 107 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր հոգեւորականութեան ամէնէն գիտուն եւ մեծավաստակ ներկայացուցիչներէն Հայր Արսէն Այտընեանը։ 1866էն մինչեւ 1902ի իր վախճանումը, Հայր Արսէն Այտընեան եղաւ Աբբահայրը Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան։ Լեզուագէտի, քերականագէտի եւ արուեստագէտի իր վաստակով՝ ան դարձաւ հայոց աշխարհաբարի գիտական ուսումնասիրման եւ կարգաւորման նախակարապետը, որուն մօտեցումներն ու տեսաբանական եզրայանգումները մինչեւ այսօր ուղեցոյցի նշանակութիւն ունին հայ լեզուագէտներուն եւ քերականագէտներուն համար։

Հայր Արսէն ծնած էր 19 Յունուար 1825ին, Պոլիս, ուր չորս տարի, տեղական նախակրթարան յաճախելէ ետք, 10 տարեկան մանուկ հասակին, 1835ին, ղրկուած էր Վիեննա՝ Մխիթարեան Միաբանութեան աշակերտելու համար։ Ուսումնատենչ պատանիին առջեւ բացուեցաւ ոչ միայն հոգեւորական իր կոչումին իրականացման լայն ասպարէզ, այլեւ լեզուագիտական եւ բանասիրական իր ունակութեանց ու հետաքրքրութեանց բաւարարման եւ ընդլայնման անպարագիծ ամբողջ աշխարհ մը։ Եւ Հայր Արսէն Այտընեանի կեանքը այդպէ՛ս հարստացաւ ու հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացուց կոթողական ործերով։ Յատկապէս 1866ին լոյս տեսած ՝՝Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի՝՝ իր աշխատութիւնը գլուխ-գործոց մըն է, որ հետագայ բոլոր լեզուագէտներու վկայութեամբ նոր դարաշրջան բացաւ հայոց լեզուագիտութեան եւ քերականագիտութեան առջեւ։ Նորօծ վարդապետին երիտասարդական տարիները անցան Զմիւռնիայի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր ան կոչուեցաւ կրթական բեղուն գործունէութեան, միաժամանակ իր բոլոր ուժերով նուիրուելով լեզուաբանի գիտական աշխատանքին։ Լեզուներ սորվելու բացառիկ ընդունակութիւն ունէր եւ հին թէ նոր 7 լեզուներու՝ հայերէնի կողքին իտալերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին, գերմաներէնին, արաբերէնին եւ թուրքերէնին կատարելապէս կը տիրապետէր։ 1866ին ընտրուեցաւ Աբբահայր Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան եւ այնուհետեւ, մինչեւ մահ, երեք ուղղութիւններով մեծարժէք վաստակ մը կապեց իր անունին։ Իբրեւ մանկավարժ՝ ամբողջ սերունդներ հասցուց իր մտքի եւ հոգիի շունչով ու լոյսով։ Իբրեւ հայ մտքի մշակ՝ 1887ին հիմը դրաւ Վիեննայի Մխիթարեաններու ՝՝Հանդէս Ամսօրեայ՝՝ գիտական պարբերականին, որ իր անխափան հրատարակութեամբ եւ հրապարակ բերած մտաւորական ուժերով՝ ուրոյն դպրոց մը դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն համար։ Բայց յատկապէս լեզուագիտական, քերականագիտական եւ բանասիրական աշխատութեանց բնագաւառին մէջ, Հայր Արսէն Այտընեան նուաճեց բարձունք մը, որ հայ ժողովուրդի մեծանուն անմահներու շարքին արժանաւոր տեղ ապահովեց իրեն։107 տարի առաջ Յուլիս 21 յուլիսին իր քրտնաջան աչքերը փակած Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայրը, իր գործով, դարձաւ նահապետը ամբողջ հայութեան լեզուագիտական զարթօնքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.