2009-07-21 13:52:01

Քահանայական տարի - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անցեալ յունիսին հռչակեց 2009-2010 քահանայական տարի Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150րդ տարուան առթիւ։ Այս նոր հաղորդաշարով մեր ունկնդիրներուն կը ներկայացնենք Քիւրէ Տ՚Արսի կեանքն եւ քահանայական խորհուրդին վսեմութիւնը


Քահանայական տարի - Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անցեալ յունիսին հռչակեց 2009-2010 քահանայական տարի Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150րդ տարուան առթիւ։ Այս նոր հաղորդաշարով մեր ունկնդիրներուն կը ներկայացնենք Քիւրէ Տ՚Արսի կեանքն եւ քահանայական խորհուրդին վսեմութիւնը



Քիւրէ Տ՚Արս - Ժան Մարի Վիաննէ - Մանկութիւնը



Ժան Մարի Վիաննէ ծնած է Տարտիլլիի մէջ 1786ին։ Այս գիւղը կը գտնուի Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի հիւսիսային կողմը, շուրջ տասը հազարամեթր հեռու։

Ծնողքը՝ Մատթէոս եւ Մարիա Վիաննէ, Ժան Մարի եօթը զաւակներու չորրորդն է, մկրտուած է ծնած օրը։

Ժան Մարիի քոյրը։ Մարգրիտ կը վկայէ, թէ իր եղբայրը արդէն չորս տարեկանէն եկեղեցի կը յաճախէր, եւ երբ յեղափոխութեան ժամանակ եկեղեցին փակուեցաւ 1793-1794թթ, ան կրցածին չափ տունը կ՚աղօթեր։

Օրին մէկը տղայական վէճ մը կը ծագի քրոջ եւ եղբօր մէջեւ։ Մարգրիտ կ՚ուզէ Ժան Մարիէն առնել գեղեցիկ վարդարանը. Ան չ՚ուզեր տալ եւ մամային կը գանգատի։ Մայրը կ՚ըսէ.

-Տղաս, քոյրիկիդ տուր զայն, Յիսուսի սիրոյն համար. Ես քեզի աւելի գեղեցիկ բան պիտի տամ։

Ժան Մարի լալով կը յանձնէ վարդարանը։ Այն ատեն մայրը իրեն կու տայ Աստուածամօր փոքրիկ արձանիկ մը։ Տղուն ուրախութեան չափ չկայ. Ամէն տեղ եւ ամէն վայրկեան անոր հետ կը զբաղի ու կ՚աղօթէ անոր առջեւ։

ՙՈրքան կը սիրէի այդ արձանիկը. – կ՚ըսէր իր ծերութեան օրերուն, - առանց անոր քուն չունէի... կը սիրէի Աստուածամայրը, առանց կատարեալ կերպով ճանչնալու զինքը՚։

Օր մը Ժան Մարի կը կորսուի... յետ շատ փնտրելու, զինք կը գտնեն ախոռին մէջ, որ երկու անասուններու միջեւ ծնրադիր կ՚աղօթեր իր արձանիկին դիմաց։

Երբ եկեղեցիները դեռ բաց էին մայրը ամէն առտու փոքրիկը հետը կը տանէր պատարագի։ Մայրը մերթ դէպի զաւակը կը խոնարհէր ու կը բացատրէր քահանային շարժումներն ու խօսքերը։ Երբ Ժան մեծցաւ, քահանայ օծուեցաւ եւ Արսի ժողովրդապետը եղաւ. յաճախ կ'ըսեր.

-Աստուծմէ վերջ ամէն բան կը պարտիմ մայրիկիս, որովհետեւ մօր բարեպաշտոութիւնը շատ դիւրաւ կ'անցնի զաւակին։ Այն տղան կամ աղջիկը, որ բարի մայր ունեցած է, անոր ապագան ապահով է։

Իր գառնուկները արածելու ժամանակ նաեւ կ՚աղօթեր։ Հետագային պիտի ըսէ.

-Շատ երջանիկ էի հօրենական տունիս մէջ, թէեւ կ'արածէի գառնուկներս եւ էշս, ժամանակ ունէի աղօթելու, խորհելու եւ հոգիովս զբաղելու։ Գիւղական աշխատանքի դադարի պահերուն, միւսներուն պէս հանգչելու եւ քնանալու երեւոյթը կու տայի, բայց ես Աստուծոյ կ՚աղօթէի բոլոր սրտովս։ Լաւ օրեր էին ու ես երջանիկ էի։

Ժան Վիանէ աղքատները սիրով կ՚ընդուներ իր ընտանիքին հետ։ Իր ընկերներէն մին կը պատմէ.

-Տեսայ որ աղքատներուն փայտ կը տանէր. անոնք էշուն վրայ կը բեռցնէր եւ անոնց տունը կը պարպէր։



Գիւղին եկեղեցին բացուեցաւ 1795ի ամառը։ Ծնողքը կը փափաքի, որ Առաջին Հաղորդութեան պատրաստուի եւ զայն կը ղրկէ Հիւպերթ քեռիին մօտ։ Սա կը բնակի իրենցմէ վեց հազարամեթր հեռու Էքիւլի գիւղին մէջ։

Հոն երկու հայրեր գաղտնօրէն քրիստոնէական վարդապետութիւն կ'ուսուցանեն տղոց եւ քիչ մըն ալ կարդալ գրել։ Ժան Մարի 13 տարեկան է եւ ոչ միայն կարդալ չի գիտեր, այլ մաքուր ֆրանսերէն չի խօսիր, քանի որ ագարակին մէջ Փաթուա գաւառաբարբառը կը խօսին։

Քաջասիրտ վարդապետ մը՝ Տէր Կրոպոզ, առաքելութիւն կ'ընէ բոլոր գաւառին մէջ, մինչեւ իսկ կեանքը վտանգելով։ 1799ի ամառը 15 հոգինոց խումբ մը կը հաւաքէ հաղորդ տալու դիտումով, այդ խումբին մէջ էր նաեւ Ժան Մարի։ Արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ Էքիւլիի տուներէն մէկուն մէջ։ Փորձած էին պատուհանին առջեւ զետեղել, յարդի խոշոր սայլ մը, վանելու համար ամէն կասկած։

Ժան Մարի տպարորուած է այս վտանգաւոր կացութենէն եւ Տէր Կրոպոզի քաջասրտութենէն։ Աւելի ուշ, իր առաջին կենսագիրը Տէր Մոնէն, կը նշէ.

-Լսեցի թէ քահանայ ըլլալու փափաքը կ'անուխէն արթնցած էր իր մէջ, երբ հանդիպած էր հաւատքի պաշտպան դիւցազուն քահանաներու։

Իմաստուն եւ գործունեայ Տէր Ֆուրնիէ, նոր ժողովրդապետը, կը զբաղի տղոց կրթութեամբ։ Յեղափոխութեան սկիզբէն ի վեր գաւառը դաստիարակներ չուներ։ Քաղաքապետարանի օգնութեամբ դպրոց մը բացուեցաւ, հոն դիմեցին ոչ միայն փոքր տղաքը, այլեւ երիտասարդներ, որոնցմէ մէկն էր Ժան Մարի։

Երկու ձմեռներ, անշուշտ տարեկան չորս ամիսներ միայն, քանի որ դաշտերու աշխատանքը շարունակուելու էր, Ժան Մարի սորվեցաւ կարդալ, գրել, հաշուել եւ ֆրանսերէն խօսիլ։ Ասով բնականաբար մտերմացաւ Տէր Ֆունիէի հետ եւ տակաւ իր մէջ սաստկացաւ փափաքը քահանայ ըլլալու։

Սկիզբը բարի հայրը հակառակեցաւ այդ գաղափարին, քանի որ պէտք ուներ զօրաւոր աշխատող բազուկներու, եւ յետոյ ո՞վ պիտի վճարէր դպրոցականի եւ ապրուստի ծախսերը։ Սակայն Ժան Մարի պնդեց եւ հուսկ համոզեց հայրը։ Քոյրիկը՝ Մարգրիտ, կը վկայէ.

-Երբ հայրս տեսաւ, որ եղբայրս կը յարատեւէ իր փափաքին մէջ, տեղի տուաւ, եւ որպէսզի ծախսերը ծանր չըլլան, առաջարկեց Էքիւլի երթալ եւ ուսանիլ Պալէ ժողովրդապետին մօտ։

Ժան Մարի աշնան թողուց Տարտիլին հաստատուելու համար իր Հիւպերթ քեռիին տունը։ Քսան տարեկան է, գիտէ կարդալ, բայց հազիւ կը գրէ եւ ֆրանսերենն ալ շատ տկար։








All the contents on this site are copyrighted ©.