2009-07-21 13:43:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Յուլիս 21ին ընդունած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութենէն շէյխ Մոհամէտ Մուսալամին:

Ըստ ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, զրոյցի ընթացքին վարչապետը նշած է, թէ Հայաստան շահագրգռուած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան հետ առեւտրա-տնտեսական կապերը զարգացնելով ,եւ իրականացնելով փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ներդրումային ծրագիրներ:Մոհամէտ Մուսալամի նշած է, որ իր առաջին այցելութիւնը Հայաստան կը կրէ ճանաչողական բնոյթ։ Ան յայտնած է, որ ինք հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ հիւրանոցային համալիր կառուցելու ծրագիրով: Ըստ շէյխ Մուսալամիի, համագործակցութեան լուրջ հեռանկարներ կան նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ:ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման գործին:

70 Սփիւռքահայ Ուսուցիչներ Կը Վերապատրաստուին Հայաստանի Մէջ։



Յուլիս 21ին սկսած է սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրը, որուն կը մասնակցին 70 ուսուցիչներ՝ 14 երկիրներէ։ Նշենք, որ այս տարուան ծրագիրին բոլոր ծախսերը ստանձնած է Հայաստանի հանրապետութիւնը:  Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Զաքարեան ողջունած է ուսուցիչները եւ կարեւորութեամբ յիշած է հայապահպան վերապատրաստման այս ծրագիրը:

Կրթութեան ազգային հիմնարկի տնօրէն Նորիկ Ղուկասեան իր կարգին նշած է, թէ վերապատրաստման ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ ամիս: Պիտի գործեն 4 առանձնացուած խումբեր՝ մանկապարտէզներու, նախակրթարաններու, միօրեայ դպրոցներու եւ միջնակարգ ու երկրորդական դասարաններու ուսուցիչներուն համար:Վերապատրաստման ծրագրին մէջ ընդգրկուած են հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ հայ մշակոյթ նիւթերը: Վերապատրաստման դասախօսները ընտրուած են Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանէն, Երեւանի պետական համալսարանէն, ինչպէս նաեւ Կրթութեան ազգային հիմնարկի մասնագէտներէն:

Նորիկ  Ղուկասեանի խօսքերով, բացի հիմնկան դասաժամերէն՝ ուսուցիչներուն համար պիտի կազմակերպուին նաեւ հանդիպումներ, այլցելութիւններ թանգարաններ եւ այլն:



Հայաստան Մուտքի 6567 Արտօնագիրեր։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ,  ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին տրուած է Հայաստան մուտքի 477 արտօնագիրեր, որոնցմէ 356ը՝ պաշտօնական,իսկ 121ը՝ դիւանագիտական:Ըստ նախարարութեան մամլոյ եւ տեղակատուութեան վարչութեան, արտերկրի մօտ Հայաստանի դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւններուն կողմէ տրուած է Հայաստան մուտքի 6567 արտօնագիրեր: Առանց արտօնագիրի Հայաստան կրնան մուտք գործել ԱՊՀ-ի բոլոր երկիրներու քաղաքացիները (բացի Թուրքմէնիստանէն): Երկկողմանի համաձայնագիրներու հիման վրայ, առանց մուտքի արտօնագրի Հայաստան մուտք գործել կրնան նաեւ քսան պետութիւններու յատուկ, պաշտօնական կամ դիւանագիտական անձնագիրներ կրող անձեր:





Ոսկէ Ծիրան»ի Գործիչները Սփիւռքի Նախարարին Մօտ։

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 18ին ընդունած է «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի մասնակից շարժանկարի սփիւռքահայ գործիչները, դատական կազմի անդամները, շարժանկար արտադրողները, բեմադրիչները եւ դերասանները:Նախարարը հիւրերուն ներկայացուցած է նախարարութեան ծրագիրները, Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման պետական քաղաքականութիւնը: Բարձր գնահատելով «Ոսկէ Ծիրան»ի դերը մեր մշակութային կեանքին մէջ՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յոյս յայտնած է, որ ապագային եւս անիկա իր ուրոյն տեղը պիտի ունենայ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ աշխարհի հայ շարժանկարի գործիչներու կեանքին մէջ:«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան իր եւ փառատօնի մասնակիցներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Հրանոյշ Յակոբեանին՝ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման ոլորտին մէջ կատարած հայրենանուէր գործունէութեան եւ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին աջակցելու պատրաստակամութեան համար, ապա անոր նուիրած է աշխարհի վրայ ապրող հայերը խորհրդանշող մագաղաթէ կտաւը՝ հեղինակուած տաղանդաւոր արուեստագէտ Արա Սարգսեանի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.