2009-07-20 14:04:45

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի վերջին վեց ամիսներու Հրեշտակ Տեառն եւ Ողջ լեր Թագուհի կիրակնօրեայ մարեմեան խորհրդածութիւնները։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի վերջին վեց ամիսներու Հրեշտակ Տեառն եւ Ողջ լեր Թագուհի կիրակնօրեայ մարեմեան խորհրդածութիւնները։



Կիրակի օրը, Իտալիոյ Ռոմանօ գանավեզէ լեռնաքաղաքին մէջ, ծննդավայրը Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարտինալ Պերթոնէյի, Նորին Սրբութիւնը արտասանեց 2009ի իր 32-րդ կիրակնօրեայ մարեմեան խորհրդածութիւնը։

Կիրակնօրեայ հրապարակային այս հանդիպումումներու ընթացքին, Նորին սրբութիւնը, յաճախ մեկնաբանած է օրուան Աւետարանը, կոչ ուղղած է աշխարհի ու յատկապէս Միջին Արեւելքի համերաշխութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր, արտայայտուած է ցեղապաշտութեան դէմ ու դատապարտած երախաներու դէմ գործադրուած բռնաբարութիւնները։

Պատմական ակնարկ մը Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին մասին - Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ներկայ բանաձեւը շարադրուած է 16րդ դարուն։ Անիկա ճանչցուած էր որպէս ՝՝աղօթք խաղաղութեան համար՝՝։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը միշտ նկատուած է որպէս Մարեմեան աղօթքը որ կ՝արտասանուէր երեկոյեան ժամերուն։ Հետաքային այս աղօթքը սկսաւ արտասանուիլ առաւօտուն եւ կէսօրին։

Պատմական տուեալներու համաձայն Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը յօրինած է Գրիգոր 9-րդ Քահանայապետը 1227 եւ 1241 տարիներու միջեւ։ Այս աղօթքը կը գտնենք եկեղեցական զանգակներու վրայ եւ մասնաւորապէս Գերմանիոյ մէջ, ուր սովորութիւն կար զանգակները զարնել Պատարագի ՝՝Առէք կերէք՝՝ ի աւարտին եւ երեկոյեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին։ Միջին դարու գիտնականներու գնահատումով Գաբրիէլ հրեշտակապետը երեկոյեան` ողջունած է Ս. Կոյս Մարիմաը եւ Աստուծոյ Բանը այդ պահուն յղացաւ։

Յովհաննէս 22-րդ քահանայապետը 1313ին Հռոմ ներմուծած է Հրեշտակ Տեառն բարեպաշտական աղօթքը։ Մինչեւ 15-րդ դար Անգլիոյ մէջ մարեմեան աղօթքը կ՝արտասանուէր ժամը 18ին իսկ Փարիզի մէջ ժամը 21-ին։

Սուրբ Պիոս 5-րդ Քահանայապետը ներողութիւն շնորհած է բոլոր անոնց որոնք կ՝արտասանեն Հրեշտակ Տեառն աղօթքը։ Սակային Պենետիկտոս 13 Քահանայապետի օրով, 1724-1731, մարեմեան ներկայ աղօթքի բանաձեւը տարածուեցաւ համայն աշխարհ։ Ամէն կիրակի կէսօրին, կաթողիկէ համայն հաւատացեալները կը միանան Սրբազան Յայտնենք թէ ֆրանչիսքեան հայրերը մեծապէս նպաստեցին մարեմեան աղօթքին ծաւալումին։ կաթողիկէ հաւատացեալները կիրակի օրը կէսօրին կը միանան Հռոմի Պապի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.