2009-07-19 13:53:03

կիրակի 19 յուլիս հայ եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը։ Պայծածակերպութեան խորհուրդը եւ աւետարանական ընթերցումը


կիրակի 19 յուլիս հայ եկեղեցին կը տօնէ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը։ Պայծածակերպութեան խորհուրդը եւ աւետարանական ընթերցումը RealAudioMP3



ընթերցում Ս. Մատթէոսի Աւետարանէ 17 գլուխ, 1-13 համարները

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ

Վեց օր ետք, Յիսուս, առանձին, իր հետն առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ անոր Յովհաննէս եղբայրը, բարձր լերան մը վրայ հանեց զիրենք,եւ այլակերպուեցա՛ւ անոնց առջեւ։ Արեւի պէս լուսաւորուեցաւ դէմքը, լոյսի նման սպիտակ դարձան հագուստները, եւ ահա, անոնց երեւցան, Մովսէսն ու Եղիան, որոնք անոր հետ կը խօսէին։ Պետրոս խօսք առաւ եւ (այսպէս) ըսաւ Յիսուսի. Տէր, շատ լաւ կ՝ըլլար, եթէ հոս մնայինք եթէ կ՝ուզես, հոս երեք վրան լարենք, մէկը քեզի, միւսը Մովսէսի եւ մէկն ալ Եղիայի համար։ Մինչ ան կը խօսէր տակաւին, ահա, լուսաւոր ամպ մը ծածկեց իրենց վրայ, ձայն մը եկաւ ամպէն, որ ըսաւ Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, անո՛ր մտիկ ըրէք։ Աշակերտներն այդ լսելով՝ իրենց երեսին վրայ ինկան եւ չափազանց վախցան։ Յիսուս իրենց մօտեցաւ, բռնեց զիրենք եւ ըսաւ Ոտքի՛ ելէք եւ մի՛ վախնաք։ Անոնք վերցուցին իրենց աչքերը եւ մէկն ալ չտեսան, բայց Յիսուսը միայն։ Մինչ այդ լեռնէն կ՝իջնէին, Յիսուս պատուիրեց իրենց եւ ըսաւ Ո՛չ մէկուն պիտի պատմէք ձեր այդ տեսածը, մինչեւ որ մեռելներէ՛ն յարութիւն չառնէ Մարդու Որդին։ Աշակերտները հարցուցին իրեն եւ ըսին Ինչպէ՞ս կ՝ըլլայ, որ դըպիրները կ՝ըսեն, թէ Եղիա՛ն պէտք է որ նախ գայ։ Յիսուս պատասխանեց եւ ըսաւ անոնց Եղիան՝ պիտի գայ (արդէն) եւ ամէն բան պիտի հաստատէ։ Բայց ձեզի կ՝ըսեմ, թէ եկա՛ծ է արդէն Եղիան եւ չճանչցան զինք, այլ այնպէս վարուեցան անոր հետ, ինչպէս իրե՛նք ուզեցին եւ Մարդու Որդին ալ անոնց ձեռքով պիտի չարչարուի։ Այն ժամանակ հասկցան աշակերտները, թէ Յովհաննէս Մկըրտիչի համար էին Յիսուսի այս խօսքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.