2009-07-17 13:23:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Թեհրան-Երևան օդանաւային կործանման. Նորին Սրբութեան աղօթքը արկածի հետեւանքով զոհուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հեռագրով մը իր խոր ցաւը յայտնեց Թեհրան-Երևան օդանաւային կործանման եւ անոր հետեւանքով զոհուած 168 հոգիներու համար։ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` կարտինալ Պերթոնէ յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամ մը ուղղած է Թեհրանի մօտ հաւատարմագրուած գերապայծառ ժան Փօլ Կոպելին յորում կը յայտնէ իր խոր ցաւը քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։ Նորին Սրբութիւնը կ՝աղօթէ զոհերու հոգեհանգստեան համար, հայցելով՝ Աստուծոյ ողորմութիւնը զոհերուն եւ սփոփանքի շնորհքը անոնց որոնք կ՝ողբան իրենց սիրելի ննջեցեալները։ RealAudioMP3

Քահանայապետական անուանում Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Գարլօ Մարիա Վիկանոն որպէս նոր քարտուղարը վատիկանի կառավարութեան։ Նախապէս այս պաշտօնը կը վարէր գերապայծառ Ռենադօ Պոքարտոն, որ իր կարգին կը դառնայ առաջնորդը Իտալիոյ Սբոլեթօ-Նորչա թեմին։ Նորին Սրբութիւնը կը նշանակէ գերապայծառ Գաբրիէլ Գաչիան որպէս առաքելական դեսպան Լիբանանի մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.