2009-07-17 13:42:46

Լուրեր հայկական կեանքէն

Ոսկէ ծիրան Զ միջազգային կինոփառատօնի բացման հանդիսութիւնը Երեւանի մէջ։


Երեւանի Մոսկուա կինոթատրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ոսկէ ծիրան Զ միջազգային կինոփառատօնին որուն ներկայ էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Հասմիկ Պողոսեան, Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան, եւ այլ պաշտօնատար անձեր։

Ներկայ էր նաեւ ֆրանսահայ հանրայայտ կինոգործիչ՝ Ալէն Թերզեան որուն վերջին Մերձաւոր շրջապատը,ժապաւէնով բացուած է սոյն փառատօնը։

Այս առթիւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Ոսկէ յուշամետալ շնորհուած է ֆրանսահայ կինոգործչին։

Նշենք թէ ՜՜Մերձավոր շրջապատ՝՝ ֆիլմի բեմադիրն է ֆրանսացի Լորան Տիւվէլ։

Կինոփառատօնը այս տարի եւս ունի երեք մրցութային ծրագիր ՜՜ միջազգային խաղարկային, միջազգային վաւերագրական եւ Հայկական համայնապատկեր՝՝։

Յատուկ իրադարձութիւններու շարքին Սերգեյ Փարաջանովի ծննդեան 85-ամեակի եւ Նռան գոյնը ֆիլմի 40-ամեակի առթիւ կը կայանայ ֆիլմի հայկական տարբերակի ցուցադրութիւնը։

՜՜Մերձաւոր շրջապատ՝՝ Ֆիլմը Ֆրանսա ապրող Մալաքեաններու ընտանիքի պատմութիւնն է, անոր գլխաւոր դերակատարներէն հօր` Միլո Մալաքեանի դերով հանդէս եկած է ֆրանսացի անուանի դերասան Ժան Ռենոն։ Ֆիլմի արտադրիչը Ալէն Թերզեան փառատօնի բացումէն առաջ լրագրողներուն հետ հանդիպումին՝ նշած է, որ Մալաքեան ազգանունը ընտրուած է, ի պատիւ՝ ֆրանսահայ անուանի բեմադիր Հանրի Վեռնէօյի (Աշոտ Մաղաքեանի)։

Հայերը ըսած է Թերզեան, ամէն տեղ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնը, հաւատարիմ են իրենց արմատներուն եւ աւանդոյթներուն, եկեղեցի կը յաճախեն եւ ընտանքի անդամները տան մէջ իրարու հետ յաճախ հայերեն կը խօսին։ ՜՜Հայկականութիւնը իմ մէջս ալ բաւական ամուր մնացած է տատիկիս՝ շնորհիւ, որ միշտ կը պահանջէր որ հայերէն խօսէինք՝՝ , աւելցուցած է Թերզեան, տատիկս միշտ մեր բոլորէն կը պահանջէր մաքուր պահել ընտանիքը, մարդավարի ապրիլ, հայավարի ապրիլ։

՜՜Մերձաւոր շրջապատ՝՝ Ֆիլմի աշխատանքները շուրջ 2 տարի տեւած են , փորձուած է ներկայացնել ՜՜Մալաքեան ընտանիքի հօր եւ որդիի փոխյարաբերութիւնները հարաւային Ֆրանսայի ընդյատակեայ կեանքէն սկսեալ։ 95 րոպէ տեւող այս ֆիլմը արտագաղթի մասին է, թէ ինչպէս հայ ընտանիքը հաստատուած է Ֆրանսա, ապրած ու հարստացած, հասնելով մեծ դիրքի։ Այս ընտանիքի անդամներու եւ այլ մի քանի ընտանիքներու կեանքի պատմութեամբ կը ներկայացուի հայ ընտանիքներու խնդիրներն ու հոգերը,- ըսած է Ալէն Թերզեան։

Նշենք, որ Ալէն Թերզեան առաջին անգամն է որ Հայաստան կ՝այցելէ ։

Վեց տարի առաջ ան մտադրութիւն ունէր Ֆրանսայի նախագահին հետ Հայաստան այցելելու սակայն այլազան պատճառներ արգելք հանդիսացած են ։

Ան ըսած է ՜՜ Մայրս միշտ կ՝ըսէր որ պէտք է ամպայման Հայաստանը տեսնեմ, յաճախ Հայաստան այցելեմ։ Այսօր ես իրականացուցի մօրս ու նաեւ իմ ցանկութիւնս, եւ ուրախ եմ, որ կինոփառատօնի միջոցով հնարաւորութիւն ունեցայ գալ Երեւան,- նշած է ան։ Կինոգործիչը յոյս յայտնած է , որ այսուհետեւ յաճախ ունենայ ՜՜պատճառները՝՝ Հայաստան այցելելու։ Հայազգի Ալէն Թերզեան նաեւ ՜՜Ալթէր Ֆիլմ բրօտիւքսիօն՝՝ընկերութեան, Սեզար ակադեմիայի նախագահն է, կը ղեկավարէ Ֆրանսայի ֆիլմարտադրողներու ընկերակցութիւնը ։ Իր արտադրած ֆիլմերուն մէջ դերեր ունեցած են մեծ դերասաններ , ինչպէս Ալէն Տէօլոն, Անի Ժերարտօ, Գաթէրին Տէօ Նէօվ, Ժէրար Տէբարտիէօ, Ժիւլիէթ Պինօշը, Սոֆի Մարսոն եւ ուրիշներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.