2009-07-17 13:27:45

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Ճօրճօ Նաբոլիդանոյի նամակը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին.

՜՜Սէրը ճշմարտութեան մէջ շրջաբերական թուղթը հրաւէր մըն է արմատականօրէն վերատեսելու զարգացումի եղանակը՝՝ ։


՜՜Սէրը ճշմարտութեան մէջ շրջաբերական թուղթը հրաւէր մըն է արմատականօրէն վերատեսելու զարգացումի եղանակը՝՝ ։

Շրջաբերական թուղթի կեդրոնական նիւթերը, որոնք կը հային մարդու կեանքին ու կը շօշափեն մեր ժամանակակից ընկերութեան մեծ հարցերը խթան մըն են խորհրդածելու եւ որոնելու ընդհանուրին բարիքը, կը կարդանք Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Ճորճօ Նաբոլիդանոյի նամակին մէջ ուղղուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Նախագահ Նաբոլիդանօ կը գրէ որ մեծ հետաքարքրութեամբ կարդացած է Քահանայապետին Գ. շրջաբերական թուղթը, որ կը ներփակէ Նորին Սրբութեան պատգամը ուղղուած՝ բոլոր մարդկութեան։ Սրբազան Հօր հաստատումը ընկերային հարցին մասին կը դառնայ մարդաբանական հարց, ուր կանչուած ենք անդորրութեամբ վերամտածելու կեանքի զանազան երեւոյթներուն, տնտեսութեան նշանակութեան ու կէտնպատակին մասին, եւ վերատեսելու՝ ներկայ զարգացումի եղանակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.