2009-07-17 13:44:38

Էջ մը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք ֆրանսահայ պալալայքիստ Կարփուշա Տէր Աբրամովի մասին


ֆրանսահայ յայտնի պալալայքիստ Կարփուշա Տէր Աբրամով, բուն անունով Կարապետ Մկրտիչի Տէր Աբրահամեան ծնած էր 1908-ին Պաքուի մէջ։

Ունեւոր ընտանիքի զաւակ՝ իր ուսումը կատարած է Փեթրոկրատի ռուսական Լիսէի մէջ, ապա 1922-ին Փարիզ մեկնած է եւ այնտեղ հաստատուած։

1924 ին՝ 16-ամեայ Կարապետ, Փարիզի մէջ կազմակերպած է պալալայքիստներու առաջին նուագախումբը, որ սկսած է նուագել տեղւոյն զանազան քապարէներու եւ ճաշարաններու մէջ։

1938-ին սկսած է շրջագայիլ Եւրոպայի մէջ կազմակերպելով նուագահանդէսներ. իսկ 1949-ին այցելած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

1951 ին Պրազիլի մէջ ելոյթներով հանդէս եկած է. եւ որմէ ետք ալ եղած է եւրոպական զանազան քաղաքներ, միշտ ելոյթներ ունենալով նուագահանդէսներուն։

Հայազգի այս մեծ նուագողը Կարփուշա Տէր Աբրամով, արժանացած է ֆրանսական Ազգային Արժանեաց մետալին։








All the contents on this site are copyrighted ©.