2009-07-16 14:21:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սեպտեմբերին պիտի այցելէ Վիթերպօ եւ Պանիարեճճիօ.

Հովուական այցելութեան յայտագիրը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ սեպտեմբեր 6ին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Վիթերպօ եւ Պանիարեճճիօ։ Անդրադառնալով այդ այցելութեան Վիթերպօ թեմի առաջնորդը` գերապայծառ Լորենցօ Գիարինելլի այս հովուական այցելութիւնը որակեց ՜՜բեղուն եւ անդորր՝՝։ Վիթերպօ քաղաքը միշտ կոչուած է ՜՜ Հռոմի Պապերու քաղաք՝՝։ Արդարեւ այդ քաղաքէն ընտրուած են Հռոմի հինգ Պապեր։ Չորս Քահանայապետներ այդ քաղաքին մէջ թաղուած են եւ քաղաքը հիւրընկալած է 50 Քահանայապետներ։ Սակայն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հովուական այցելութիւնը պիտի ըլլայ նախ եւ առաջ հանդիպում մը շրջանի բնակիչներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը Պապերու պալատէն պիտի ողջունէ բնակիչները ապա պիտի փոխադրուի Վալլէ ֆաուլ կոչուած վայրը, ուր պատարագ պիտի մատուցէ եւ ապա պիտի արտասանէ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Յետմիջօրէին՝ Սրբզ. Հայրը պիտի այցելէ Սանդա Ռոզա` քաղաքին պաշտպան սրբուհիին նուիրուած մայր եկեղեցին։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն պիտի կատարէ փակեալ իգական կրօնաւորական միաբանութիւնը. որմէ ետք, պիտի տեղափոխուի Պանիարեճճիօ մեծարելու՝ Սան Պենավենդուրայի մասունքը, այնտեղ Պենետիկտոս ԺԶ ճառ մը պիտի ուղղէ քաղաքի բնակիչներուն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը պիտի վերադառնայ ՜՜Գասդել Կանտոլֆօ՝՝ պապական ամառանոցը։ Մաղթանքս է, ըսաւ թեմի առաջնորդը, որ Սրբազան Հօր այցելութիւնը ըլլայ առիթ շրջանի հաւատացեալներու հաւատքի զօրացման եւ մասնաւորապէս Նոր Սերունդի հաւատքին։ Սրբազան Հօր այցելութիւնը առիթ պիտի ընծայէ շրջանի բնակիչներու միութեան, եւ պիտի խթանէ ընկերութեան հիմնական սիւներու` ՜՜ազատութեան, ճշմարտութեան, սիրոյ եւ արդարութեան՝՝ հզօրացման։

Համոզուած եմ , եզրափակեց թեմին առաջնորդը, որ քահանայապետին այցելութիւնը, անոր պատգամը եւ աղօթքը պտղաբեր պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.