2009-07-16 14:25:03

Լուրեր հայ եկեղեցիէն

Արամ Ա կաթողիկոսին ցաւակցական գիրը Հայաստանի եւ Իրանի նախագահներուն օդանաւային արկածին առընչութեամբ


Թեհրանի հայոց դպրոցներու գերազանց աշակերտները Հայաստան կ՝այցելեն

Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, 2008-2009 ուսումնական տարեշրջանի Թեհրանի հայոց դպրոցներու գերազանց աշակերտներու առաջին ճամբարի հանրակառքը 11 յուլիսին թէհրանէն մեկնեցաւ Երեւան։

Գերազանց աշակերտները 10 օրուան տեւողութեամբ պիտի այցելեն Հայաստան եւ Արցախ՝ անոնց կ՝ընկերանան պատասխանատուներ՝ Հերմինէ Նազարբէկեան, Սիլվա Աւասափեան, Վրէժ Աբգարեան եւ Վահիկ Սեֆեան

 

Համահայկական Երիտասարդական 7-րդ համաժողովը՝ Ծաղկաձորի մէջ

՜՜Համահայկական Երիտասարդական միջազգային կեդրոն՝՝ հիմնադրամը 10-15 Օգոստոս, Ծաղկաձորի մէջ, պիտի կազմակերպէ համահայկական երիտասարդական 7-րդ համաժողովը՝ ՜՜Համագործակցութիւն՝՝ բնաբանով։

Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոնի մամուլի պատասխանատու Բելա Յովհաննիսեանին համաձայն. ՜՜ կ՝ակնկալուի մասնակցութիւնը շուրջ 100 երիտասարդներու՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Սփիւռքէն։ Համաժողովի ընթացքին պիտի արծարծուին երիտասարդութեան դժուարութիւնները՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, նաեւ պետութեան՝ երիտասարդութեան ուղղուած քաղաքականութիւնը, նաեւ կարելիութիւնը յարմարագոյն լուծումներ գտնելու համար։ Սոյն համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ պետական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ։



Երէկ՝ չորեքշաբթի, 15 յուլիս 2009-ին, Թեհրանէն Երեւան ուղղուող Կասպեան օդանաւային ընկերութեան օդանաւին ջախջախման տխուր առիթով՝ Արամ Ա կաթողիկոս ցաւակցական գիր մը յղեց Հայաստանի եւ Իրանի նախագահներուն՝ Սերժ Սարգսեանին եւ Մահմուտ Ահմատինեժատին։

Օդանաւը, որ ջախջախուեցաւ թռիչք առնելէ 16 վայրկեան ետք, իր ճամբորդներուն շարքին կը փոխադրէր նաեւ 44 հայեր, մեծ մասը Թեհրանէն, որոնց շարքին ազգային զանազան կառոյցներու ժողովականներ։

Վեհափառը իր ցաւակցագիրին ճամբով կը բաժնէ սուգն ու տրտմութիւնը զոհերու ընտանիքներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած իր խաղաղ երանութեան մէջ հանգչեցնէ հանգուցեալ հոգիները։

Արամ Ա կաթողիկոս ցաւակցական գիրեր յղեց նաեւ իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն՝ թելադրելով, որ իր հայրական սէրն ու մխիթարութիւնը փոխանցեն տխուր արկածին զոհ գացած հայորդիներու ընտանեկան պարագաներուն։

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը յաճախակիօրէն հաղորդակցութեան մէջ եղաւ առաջնորդ սրբազաններուն հետ՝ զօրավիգ կանգնելով անոնց, իրանահայութիւնը ցնցած այս երկրորդ աղէտին առիթով։



Եւրոպական եկեղեցիներու համագումարի 13-րդ հաւաքը Լիոն քաղաքին մէջ։

ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ 15-21 Յուլիս տեղի կ՝ունենայ Եւրոպական եկեղեցիներու համագումարը ՝՝Քրիստոսով մէկ յոյսի կոչուածները՝՝ թեմայով։

Սոյն հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։

19 Յուլիսին՝ Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնին օրը՝ Լիոնի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, կը մատուցուի Ս. Պատարագ , հաւաքին մասնակիցներու ներկայութեամբ, իսկ Յուլիս 20-ին՝` ժողովի նիստէն առաջ կը կատարուի ժամերգութիւն՝` հայկական ծիսակարգով։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆրանսային հայոց թեմի առաջնորդը՝ Նորվան արք. Զաքարեան։



Զմմառու Վանքը Լիբանանի զբօսաշրջութեան ցանկին վրայ։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը Զմմառու դարաւոր Վանքին մէջ 14 յուլիս 2009¬ին, ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Էլի Մարունին, որուն կ՝ընկերանար Զահլէէն հայազգի երեսփոխան՝ Շանթ Չինչինեան: Հանդիպումին ներկայ եղան Զմմառու Վանքին Մեծաւորը՝ Գերպ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան եւ հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան՝ Զմմառու Վանքին ընդհանուր քարտուղարն ու պատասխանատուն մատենադարանին եւ թանգարանին:

Շուրջ 30 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին նախարարը մօտէն ծանօթացաւ Զմմառու Վանքին պատմութեան եւ կարեւորութեան մասին, եւ խոստացաւ Զմմառու Վանքը զբօսաշրջութեան պաշտօնական ցանկին վրայ արձանագրել, որպէսզի այցելու ուխտաւորները ծանօթանան անոր հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական հարստութիւններուն: Իր հերթին՝ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց կարեւորութիւնը այսպիսի ծրագրին:



Թեհրանի հայոց դպրոցներու գերազանց աշակերտները Հայաստան կ՝այցելեն

Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, 2008-2009 ուսումնական տարեշրջանի Թեհրանի հայոց դպրոցներու գերազանց աշակերտներու առաջին ճամբարի հանրակառքը 11 յուլիսին թէհրանէն մեկնեցաւ Երեւան։

Գերազանց աշակերտները 10 օրուան տեւողութեամբ պիտի այցելեն Հայաստան եւ Արցախ՝ անոնց կ՝ընկերանան պատասխանատուներ՝ Հերմինէ Նազարբէկեան, Սիլվա Աւասափեան, Վրէժ Աբգարեան եւ Վահիկ Սեֆեան

 

Համահայկական Երիտասարդական 7-րդ համաժողովը՝ Ծաղկաձորի մէջ

՜՜Համահայկական Երիտասարդական միջազգային կեդրոն՝՝ հիմնադրամը 10-15 Օգոստոս, Ծաղկաձորի մէջ, պիտի կազմակերպէ համահայկական երիտասարդական 7-րդ համաժողովը՝ ՜՜Համագործակցութիւն՝՝ բնաբանով։

Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոնի մամուլի պատասխանատու Բելա Յովհաննիսեանին համաձայն. ՜՜ կ՝ակնկալուի մասնակցութիւնը շուրջ 100 երիտասարդներու՝ Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն եւ Սփիւռքէն։ Համաժողովի ընթացքին պիտի արծարծուին երիտասարդութեան դժուարութիւնները՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, նաեւ պետութեան՝ երիտասարդութեան ուղղուած քաղաքականութիւնը, նաեւ կարելիութիւնը յարմարագոյն լուծումներ գտնելու համար։ Սոյն համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ պետական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.