2009-07-16 14:03:41

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՀԱՒՈՐ ԱՐԿԱԾ՝ ՂԱԶՈՒԻՆԻ ՄԷՋ.

ԶՈՀԵՐՈՒՆ 44-Ը՝ ՀԱՅԵՐ։ ԱՅՍՕՐ ՍՈՒԳԻ ՕՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։

Երէկ Թեհրանէն Երեւան թռիչք կատարող Թուփոլեւ տիպի օդանաւ մը արկածի ենթարկուեցաւ իրանական Ղազուին քաղաքի մերձակայքը՝ թռիչքէն 16 վայրկեան ետք։ Իրանական Կասպեան օդանաւային ընկերութեան երեւանեան գրասենեակը ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին յայտնած, որ բոլոր 153 ճամբորդները, ինչպէս նաեւ անձնակազմի 15 անդամները զոհուած են ։ Կասպեան օդանաւային ընկերութեան նախնական տուեալներուն համաձայն, զոհերուն 44-ը հայեր են, որոնցմէ 5-ը՝ Հայաստանի քաղաքացիներ։Ըստ նոյն աղբիւրին, անձնակազմի 15 անդամներէն երկուքը նոյնպէս հայեր են՝ Սուրէն Սողոմոնեան եւ Գրիգոր Բարսեղեան։ Իրանահայ լրագրող Վարդան Դաւթեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին յայտնեց, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն։ Ան յատուկ յանձնախումբ ստեղծած է՝ քննելու համար աղէտին պատճառները, եւ յանձնարարած է, որ արդիւնքներուն մասին անմիջապէս զինք տեղեկացնեն։ Օդանաւային արկածին պատճառով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան դադրեցուց երէկուան իր այցելութիւնը Սպիտակ եւ Երեւան վերադարձաւ։ Նախագահը հետեւեցաւ դէպքին վերաբերող բոլոր տեղեկութիւններուն եւ մանրամասնութիւններուն։Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը նաեւ փոխանցեց, որ ՝՝Թու-154՝՝ տիպի օդանաւի արկածին առնչութեամբ նախագահ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է արտակարգ խորհրդակցութիւն։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան ղեկավարները ներկայացուցած են օդանաւի արկածին հետ կապուած մանրամասնութիւնները։ Որոշուած է փոխ-վարչապետին գլխաւորութեան ստեղծել կառավարական յանձնախումբ մը։ Անշուշտ խուճապ ստեղծուած Զուարթնոց օդակայանին մէջ ,զոհերուն հարազատները ստացան հոգեբանական եւ բժշկական օգնութիւն։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստեղծուեցաւ ՝՝Թէժ Գիծ՝՝։ Նախարարութիւնը պարզեց, թէ Հայաստանի քաղաքացիներէն ովքե՛ր եղած են օդանաւին մէջ։ Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրեց Հայաստանի մէջ 16 յուլիսը սուգի օր յայտարարելու մասին։ Մենք ալ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն Ձայնասփռումներու բաժնի անձնակազմը առօրեայ մեր աշխատանքը կը շարունակենք ցաւ ի սրտի ու կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնները արկածի զոհերու հարազատներուն ու բարեկամներուն ։

ՊՐԱՅԶԱ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԷՋ ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԵԿՈՒՄԻ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ Կ՝ԱԿՆԱՐԿԷ։ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Մոսկուայի մէջ ունենալիք վաղուան հանդիպումին նախօրեակին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթին կը յայտնէ, թէ ՝՝երկխօսութեան ամրապնդումը միջնորդութեան ջանքերը նոր եւ յուսալից մակարդակի բարձրացուցած է, եւ ողջունած Մոսկուայի ներդրումը՝՝։ Ան ըսած թէ ՝՝բանակցութեանց մէջ իսկական բեկում մը գոյութիւն ունի՝՝։ Ամերիկացի պաշտօնատարը երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած էր Նապուքքօ խողովակաշարի ծրագիրի համաձայնութեան ստորագրութեան արարողութեան, որուն ընթացքին Հիւրրիյէթ թերթի հետ զրոյց մը ունեցած էր։Միւս կողմէ սակայան ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան խոր հիասթափութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներուն 10 յուլիսի յայտարարութեան կապակցութեամբ եւ զայն նկատած համանախագահներու կողմէ գործադրուող ճնշում։

Քեն Խաչիկեան նախանցեալ օր նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ նշած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանի կողմէ միակողմանի եւ վտանգաւոր զիջումներ ապահովելու Մինսքի Խմբակի մօտեցումը կրնայ սպառնալ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան։ Նամակին մէջ ան գրած է նաեւ, որ այս մօտեցումը կրնայ մեծցնել Ազրպէյճանի կողմէ նոր յարձակումի հաւանականութիւնը եւ հարցականի տակ դնել իրապէս մնայուն եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարելիութիւնը։Ըստ Քեն Խաչիկեանի, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին կարեւոր նշանակութիւն ունի տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար։



Պոլսոյ փողոցներէն մէկը կը կոչուի Հրանդ Տինքի անունով։

Պոլսոյ Շաֆագ փողոցը վերանուանուեցաւ 2007 -ի Յունուար 19-ին թրքական ազգայնական շրջանակներուն կողմէ դաւադրաբար սպաննուած Պոլսոյ ՝՝Ակօս՝՝երկլեզու շաբաթաթերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի անունով։ Այս որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուած է Ակօսի խմբագրատան շրջանի Շիշլիի թաղապետարանին կողմէ Յուլիս 8-ին։ Շիշլիի թաղամասը կը գտնուի Ակօս թերթի խմբագրատունը, որու սեմին սպաննուեցաւ Հրանդ Տինքը։ Փողոցը Հրանդ Տինքի անունով կոչելով սակայն գործընթացքը չի վերջանար։ Արդարեւ Շիշլիի թաղապետարանի այդ որոշումը պէտք է հաստատէ Պոլսոյ Քաղաքապետարանը։Նշենք որ Հրանդ Տինքի անունով 2008 -ի Յունւար 28-ին փողոց մը անուանուեցաւ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ,ապա 2009 -ի Յունիս 12-ին Մարսէյլի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.