2009-07-15 12:22:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ճառը Եւրոպայի համալսարականներուն ՜՜աշխարհը կարիքը ունի մտաւորականներուն, կարող՝ խօսելու Աստուծոյ մասին՝՝։ կ՝ըսէ Նորին Սրբութիւնը։


՜՜Աշխարհը կարիքը ունի մտաւորականներուն, կարող՝ խօսելու Աստուծոյ մասին՝՝ Սիրեցեալ երիտասարդներ, ըսաւ Սրբզ. Հայրը իր խօսքը ուղղելով Եւրոպայի 1500 համալսարականներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց առաջին գումարին համար,

Դուք էք Եւրոպայի ապագան, դուք կը պատկանիք 31 ազգերու եւ կը պատրաստուիք մեծ դերեր եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու։ Եղէք միշտ գիտակից ձեր կարողականութեան ու պատասխանատուութեան։ Գիտութեանց աշխարհի ուսմանց մէջ մխրճուած՝ դուք կանչուած էք դնելու՝ ձեր լաւագոյն կարողութիւնները, զօրացնելու համար ձեր անձնականութիւնը եւ նպաստելու՝ հաւաքականութեան բարիքին։ Համալսարանի մէջ, յարեց Սրբազան հայրը, քրիստոնէական ներկայութիւնը միշտ աւելի պարտաւոր ու միշտ աւելի հմայիչ կը դառնայ, որովհետեւ ՜՜հաւատքը՝՝ ինչպէս միշտ, կանչուած է տալու իր անփոխառինելի նպաստը գիտութեան, որ ժամանակակից ընկերութեան մէջ, զարգացումի ու բարգաւաճումի ճշմարիտ շարժակն է։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ ՜՜Գիտութենէն, ճոխացած՝ հաւատքի օգնութեամբ, կախեալ է ժողովուրդի մը կարողութիւնը, յոյսով նայելու՝ ապագային, յաղթահարելով փորձութիւնը դիտելու լոկ նիւթապաշտ ակնարկով գոյութիւնն ու պատմութիւնը՝՝։

Մշակութային նոր համադրումը, որ ներկայիս կ՝ուսումնասիրուի Եւրոպայի ու համաշխարհականացած աշխարհի մը մէջ, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը , կարիքն ունի մտաւորականներու նպաստին, որոնք ակադեմական սրահներու մէջ, կարող են խօսիլ Աստուծոյ մասին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ համալսարանները սիւներն են առաքինութեան ու ծառայութեան։ Եւրոպայի Եկեղեցին մեծ վստահութիւն դրած է ձեր վեհանձն առաքելական յանձնառումին վրայ, գիտակից ձեր դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներուն եւ ընդդիմութիւններուն եւ միաժամանակ ձեր կարողականութեան համալսարանէն ներս տարած հովուական առաքելութեան։



Discorso del Papa agli universitari d’Europa





 








All the contents on this site are copyrighted ©.