2009-07-15 13:44:08

Լուրեր հայ աշխարհէն

Գարեգին Բ կաթողիկոսի պաշտօնական այցը Մոսկուա


Ամենայն հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը պաշտօնական այցելութիւնը Մոսկուա սկիզբ առաւ 14 Յուլիսին,Վեհափառը Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ նոր ընտրուած գահակալ՝ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա պատրիարքին հետ։

Վեհափառին ընկերակցեցան Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական փոխանորդ Նուրհան արք Մանուկեան, Կ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք Աթեշեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք Մարտիրոսեան, Մայր աթոռ Ս Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Եզնիկ արք Պետրոսեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս Ներսիսեան եւ այլ եկեղեցականներէ ու անձնաւորութիւններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։



Երեւանի մէջ Համազգայինի Ֆորումի բացումը

Երկուշաբթի, 13 Յուլիս 2009ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Համազգայինի 15-րդ Ֆորումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 8 երկիրներէ 26 ուսանողներ։

Բացման հանդիսութեան խօսք առին Համազգայինի Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչը, Հայաստանի Ազգ. ժողովի պատգամաւորը, Ֆորումի դաստիարակչական ծրագիրի պատասխանատուն, Ֆորումի հիմնադիրներ եւ ընդհ. պատասխանատուներ։ Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Կեդր. վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ Համազգայինի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն։

Ուսանողները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարանը եւ հանդիպում-զրոյց ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ։



Քիեւի մէջ հայկական եկեղեցիի կառուցման որոշում։

Քիեւի քաղաքական խորհուրդը հողատարածք մը յատկացուցած է հայկական եկեղեցիի մը կառուցման համար։ 9 Յուլիս 2009-ին տեղի ունեցած Քիեւի քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին, այս որոշման վերաբերեալ քուէարկած են 85 պատգամաւորներ։

Հայկական եկեղեցիի կառուցման համար հողատարածքը կը գտնուի Խարկովսկի զանգուածի հայկական փողոցին վրայ։ Քիեւի քաղաքապետը խոստացած է Հայաստանի դեսպանին, որ ինք իր կարելի պիտի ընէ որպէսզի հողի յատկացման հարցը արագ լուծուի։ Աւելցնենք որ, եկեղեցւոյ կառուցման համար կը ծրագրուի յատկացնել 4 հազ. ք/մ մակերեսով հողատարածք։



Բիւրականի՝ Վ. Համբարձումեանի անուան աստղադիտարանին մէջ համաժողով։

Բիւրականի՝ Վիքթոր Համբարձումեանի անուան աստղադիտարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայկական աստղագիտական ընկերութեան տարեկան համաժողովը՝ նուիրուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ յայտարարուած միջազգային աստղագիտութեան տարուան, եւ Հայկական աստղագիտական ընկերութեան տասնամեակին։ Այսպէս կը տեղեկացնէ Արեգ Միքայէլեան համակարգողը՝ Հայաստանի մէջ միջազգային աստղագիտութեան տարուան։ Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն՝ նախարարներ, դեսպաններ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավարութիւնը, գիտական հիմնադրամներու արտասահմանեան եւ հովանաւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։

Ըստ Արեգ Միքայէլեանի, Աստղագիտութիւնը եւ հասարակութիւնը նիւթով համաժողովը նուիրուած է աստղագիտական կրթութեան, աստղագիտութեան եւ մշակոյթի կապին, Հայաստանի մէջ աստղագիտութեան զարգացման հեռանկարներուն, միջազգային համագործակցութեան եւ գիտական զբօսաշրջութեան։

Ի դէպ, համաժողովը հովանաւորուած է Հայաստանի գիտութեան պետական կոմիտէի եւ Հայկական աստղագիտական ընկերութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.