2009-07-15 12:48:53

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով այցելած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն։ Շնորհաւորելով դեսպանատան աշխատակազմը, նախագահ Սարգսեան Ֆրանսային մաղթած է հետագայ զարգացում, իսկ անոր ժողովուրդին՝ բարգաւաճում։

Երկրին ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրանսային՝ հայ ժողովուրդին ձեռք երկարած ըլլալուն, անոր զգալի մէկ հատուածը ընդունելուն եւ անոր՝զարգանալու կարելիութիւն ստեղծելուն համար։ Ան նշած է, որ անոնք այսօր լիիրաւ ֆրանսացի ըլլալով, հաւատարիմ կը մնան նաեւ իրենց հայկական ինքնութեան։

Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է նաեւ 2001 թուականին Ֆրանսայի կողմէ օրէնքի ուժով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿՈՒՆԵՆԱՅ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիքոլայ Փաւլովի հետ։

Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Փաւլովին՝ իբրեւ դեսպան անոր ունեցած արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։ Նախագահը ըսած է, որ Ռուսիա Հայաստանի համար եղբայրական երկիր է, զինուորական դաշնակից եւ հիմնական տնտեսական գործընկեր։ Բարձր գնահատելով հայ-ռուսական փոխյարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ կարելիութիւն կայ համագործակցութեան ներկայ մեծ ներուժը ընդլայնելու։ Իր կարգին դեսպան Փաւլով ըսած է, որ Հայաստանէն կը հեռանայ ջերմ յիշատակներով եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր առաքելութեան ընթացքին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։



ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՌՈՇՊԼՈՒԱ ԱՅՑԵԼԵՑ ՝՝ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ՝՝ ԿԵԴՐՈՆԸ՝ԼԻԲԱՆԱՆ։

Ֆրանսայի խորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնախումբի փոխնախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ եւ Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուա՝ ընկերակցութեամբ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի, այցելեցին ՝՝Շաղզոյեան՝՝ կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ երեսփոխան Յակոբ Բարատունիի հետ։ Ռոշպլուա լայնօրէն անդրադարձաւ իր ունեցած կապերուն Ֆրանսայի հայութեան եւ Հայաստանի հետ՝ մատնանշելով, որ ինք ջերմ պաշտպանն է Հայ դատի եւ Ղարաբաղի պայքարին։ Ան վերջին տասնհինգ տարիներուն 18 անգամ այցելած է Հայաստան եւ մեծ նպաստ բերած Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու ջերմացման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու շուրջ Ֆրանսայի թէ Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ պաշտպանութեան գործին։ Ան նաեւ մանրամասն հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի հայութեան ընկերային թէ տնտեսական վիճակին ու քաղաքական կեցուածքին նկատմամբ։



ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՏԴԱՐՁ ԿԱՏԱՐԷ ՔՍԻՆՃԻԱՆԿԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐԸ ՜՜ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՜՜ ԿՈՉԵԼՈՒ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԷՆ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Քին Կանկ երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Չինաստանի ուղղուած ՝՝ցեղասպանութեան ՝՝ ամբաստանութիւնը անտրամաբանական է։ Արդարեւ Չինական պետական օրաթերթ մը երէկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կոչ ուղղեց՝ ետդարձ կատարելու իր այն խօսքէն, թէ ույղուրներուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործուի։

՝՝Իրողութիւնները մի՛ շրջէք՝՝ խորագիրով խմբագրականի մը մէջ ՝՝Չայնա Տէյլի՝՝ օրաթերթը յայտնեց, որ 184 զոհերէն 137-ը՝ հան- չինացիներ են, տուեալ մը, որ բաւական բարացուցական է։ Օրաթերթը Էրտողանին կոչ ուղղեց Չինաստանի ներքին հարցերուն միջամտութիւն եղող իր խօսքերէն ետդարձ կատարելու։Մինչ այդ, 107 թուրք երեսփոխաններ իբրեւ բողոք Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն հրաժարեցան Թուրքիա-Չինաստան միջխորհրդարանական խմբակէն։ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ անցեալ ամիս Չինաստան իր այցելութեան ընթացքին 15 միլիառ տոլար արժողութեամբ առեւտրական համաձայնագիրներ կնքած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.