2009-07-14 13:26:13

Ծիսական ժամանակացոյց


Կիրակի 12 Յուլիս 2009 Զ Կիրակի զկնի Պենտեկոստէի

Երկուշաբթի 13 էն մինչեւ Ուրբաթ 17 Յուլիս Վարդավառի պահք է

Յիսուսի Պայծառակերպութեան տօնին նախորդող շաբաթապահքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը կոչուի Վարդավառի պահք իսկ Շաբաթ օրը 18 Յուլիսին Տիրոջ Տապանակի տօնն է նաւակատիք է, այսինքն` այդ օրը կը թոյլատրուի ձկնեղէն և կաթնեղէն օգտագործել:

Տապանակի տօնը կը կատարուի (ինչպէս ըսինք)Վարդավառի կիրակին նախորդող օրը՝ Շաբաթ օրը։

Թէեւ Հին Ուխտի յատուկ սրբութիւն մըն է ՜՜տապանակը՝՝ ուր կը պահուէին իսրայէլեան կրօնքի մեծ նուիրականութիւնները՝ ինչպէս ՜՜Տասնաբանեայ, Օրինաց տախտակները, Ահարոնի ծաղկեալ գաւազանը եւ Մանանայով լի Ոսկի Սափորը, բայց կը պատուենք զայն անոր մէջ տեսնելով ՜՜Քրիստոսի Եկեղեցւոյ նախանկար Պատկերը՝՝։ Աստուած աստիճանական յառաջատուութեամբ կատարած էր իր Յայտնութիւնը, նահապետներու եւ մարգարէներու միջոցաւ։ Ասոր համար է որ իբրեւ Աստուածաշունչ մատեանի մաս կ՝ընդունինք Հին Կտակարանը, զայն նկատելով որպէս ներածութիւն Նոր Կտակարանի. կը տօնենք նախահայրերը, նահապետները եւ մարգարէները իբրեւ Աստուծոյ Սուրբեր. եւ ասոր համար ալ կը տօնենք Տապանակը, սրբութեան սրբոցի այդ ընդունարանը՝ իբրեւ Օրինակ Եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.