2009-07-14 13:29:39

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի նուիրակ Տ. Վիգէն արք. Այքազեան, Օպամայի խորհրդատուական խորհուրդի կազմկոմիտէի անդամ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, ԱՄՆ Արեւելեան թեմի թեմական նուիրակ, ԱՄՆ Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի նախագահ Տ. Վիգէն արք. Այքազեան Մայիսին նշանակուած է ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպամայի Միջկրօնական երկխօսութեան խորհրդատուական խորհուրդի կազմկոմիտէի (Task Force) անդամ։

Միջկրօնական երկխօսութեան կազմկոմիտէն բաղկացած է 12 կրօնական առաջնորդներէ եւ էքումենիկ ակնառու գործիչներէ, որոնք նախագահի հետ կը քննարկեն միջկրօնական կարեւորագոյն հարցեր, երկու շաբաթը մէկ անգամ տեղի ունեցող հեռախօսաքոնֆերանսներու միջոցով։

Անցնող երկու ամիսներու ընթացքին Վիգէն սրբազանը նախագահի խորհրդատուական կառոյցներուն հետ, բազմաթիւ քըննարկումներու մասնակցած է, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ ԱՄՆ եկեղեցիներու հարցերու շուրջ։



Յունաստանի մէջ Պապական նուիրակին հրաժեշտի հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները

Երեքշբաթի 7 Յուլիս 2009-ին, Յունաստանի Պապական նուիրատան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաքոյթ-հիւրասիրութիւն մը, Վատիկանի դեսպան եւ Պապական նուիրակ Բաթրիք արք Քովէնի հանգստեան կոչուելուն, անոր ծննդեան 75-ամեակին եւ դեսպանի իր պաշտօնի աւարտին առիթով։

Հաւաքոյթին ներկայ էին զանազան պետութիւններու դեսպաններ, դիւանագիտական ներկայացուցչիներ, հիւպատոսներ, օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ յոյն եւ հայ կաթողիկէ ինչպէս նաեւ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդներ եւ հոգեւոր հովիւներ։

Տեսակցութեան ընթացքին, պապական նուիրակը գնահատանքով խօսեցաւ հայ ժողովուրդի արժանիքներուն, ստեղծագործական ոգիին եւ մանաւանդ երկու եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեան եւ գործակցութեանց մասին, բարձր գնահատելով մասնաւորաբար Արամ Ա կաթողիկոսի արժանիքները եւ համաշխարհային միջ-եկեղեցական կեանքէն ներս անոր ունեցած խոհեմ եւ իմաստուն մտածումներն ու կեցուածքը, յանուն քրիստոնէական եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան պահպանման եւ ժողովուրդներու արդար իրաւունքներու ձեռքբերման նուիրական գործին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.