2009-07-13 14:17:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այսօր կը մեկնի Վալլ՜ ՏԱօսդա


Երկուշաբթի 13 Յուլիս 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մեկնեցաւ Իտալիոյ Վալլ Տ՝Աօսդա լեռնաշրջանը, ուր պահ մը ամառնային հանգիստ պիտի կատարէ մինչեւ 29 Յուլիս ։

Այս շրջանի չորեքշաբթի օրերուն, 15, 22, 29-ի՝ չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդրութիւնները տեղի պիտի չունենան, իսկ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը Նորին Սրբութիւնը պիտի կատարէ իր նստավայրին մէջ։

Վալլ Տ՝Աօսդա կատարելիք հանգստեան շրջանին աւարտին, Սրբազան Հայրը, պիտի փոխադրուի Գասդել-Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցը ։

Կիրակի օրը , Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքին, Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առաւ Ս. ՜՜Պետրոսի՝՝ անուան հրապարակը համախմբուած՝ հաւատացեալներէն եւ անոնցմէ խնդրեց որ իրեն ընկերանան իրենց աղօթքներով։ Աղօթքը, ըսաւ Սրբզ. Հայրը, հեռաւորութիւն չի ճանչնար եւ ոչ ալ բաժանում, ուր որ ալ գտնուինք. աղօթքը մեզ կը դարձնէ միասիրտ եւ միահոգի։

Յայտնենք թէ ասիկա երրորդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը Վալլ Տ՝Աօսդա շրջանը կ՝ընտրէ որպէս հանգստավայր։ Վալլ Տ՝Աօսդայի բնակիչները իրենց գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնած են այս ընտրութեան համար։ Շրջանի քաղաքացիական պատասխանատուները իրենց կարգին ըսին. ՜՜ինչպէս միշտ սիրով եւ վերապահութեամբ կը հիւրընկալենք Սրբազան հայրը, յարգելով ամենէն առաջ իր բաղձանքը՝ հանգստանալու, մեր լեռներու մէջ՝՝։



Քահանայապետական նշանակում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Լիմա թեմին առաջնորդ՝ կարտինալ Խուան Լուիս Թորն` որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու՝ Փեռուի Այագուչօ արքեպիսկոպոսական թեմի հիմնարկութեան Դ. դարադարձի հանդիսութիւնները, որ տեղի պիտի ունենան 20 յուլիս 2009ին








All the contents on this site are copyrighted ©.