2009-07-13 14:46:50

Լուրեր հայ եկեղեցիէն

Շնորահանդէս երեք պարբերաթերթերու Զմմառու մայրավանքին մէջ։


Շաբաթ օր 11 յուլիս 2009-ին Զմմառու մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ շնորահանդէս երեք պարբերաթերթերու՝ ՜՜Գինեմարանի՝ զեկուցագիրը, Դպրեվանքի՝ կանչ Հրեշտակապետ պարբերաթերթը ու միաբանութեան՝ Զուարթնոց տարեգիրքը՝՝նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի ազգային ժողովի երեսփոխան տիար Սերժ Թուրսարգիսեանի, եպիսկոպոսներու, միաբանակից քահանաներու եւ կրօնաւորուհիներու եւ բարեկամներու։

Զմմառու մայրավանքի վանահայրը գերյ. Հ. Միքայէլ Ծ. Վրդ. Մուրատեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՜՜պարբերաթերթը , շեշտեց ան, մեր միաբանութեան հայելին է եւ յատկապէս Զուարթնոց տարեգիրքը, անիկա կը պարունակէ հովուական ու առաքելական յօդուածներ։ Սոյն տարեգիրքը խթան է մեր միաբան հայրերուն։ Անոնք կը քաջալերուին ու կը խանդավառուին անով, հովուական ու առաքելական լուրերը առնելով, յատկապէս մայրավանքին լուրերը։

Մեծաւոր Հայրը սրտի գոհունակութիւն յայտնեց սոյն պարբերաթերթին կրկին լոյս ընծայման համար. քանի որ անիկա զանազան պատճառներու համար դադրած էր հրատարակուելէ, եւ ահա այսօր ,10 տարիներ ետք կրկին լոյս կը տեսնէ։

Յայտնենք թէ վերջին թիւը տպուած էր 1991ին։

Մեծաւորը գնահատական խօսք ուղղեց վարչական հայրերուն որոնց ժրաջան աշխատանքներուն շնորհիւ՝ լոյս տեսաւ ՜՜Զուարթնոց՝՝ տարեգիրքը։

Շնորահանդէսին աւարտին վարչական հայրերը Հոգեւոր Տիրոջ հետ բեկանեցին կարկանդակը։ Շնորահանդէսը վերջ գտաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գնահատական ու քաջալերական խօսքերով եւ աղօթքով։



Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տէրը ընդունեց երեսփոխան Շանթ Չինչինեանը-Զմմառ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, 7 Յուլիս 2009ին, ընդունեց Զահլէի նորընտիր երեսփոխան Տիար Շանթ Չինչինեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Զմմառու Վանքի Մեծաւորը՝ Գերպ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան։

Շուրջ 30 վայրկեան տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս լիբանանահայութեան եւ մասնաւորաբար Զահլէի հայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ զանոնք բարելաւելու միջոցառումները, յատկապէս վերաշխուժացնելով Զահլէի Հայ Համայնքը։ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց լիբանանահայութեան միացեալ ճիգերով գործելու եւ միասնաբար հանդէս գալու կարեւորութիւնը։ Այս առթիւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Տիար Չինչինեանին նուիրեց Նազլեան Արքեպիսկոպոսին հաստափոր գիրքը, նուիրուած՝ 1915-ի ցեղասպանութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.