2009-07-13 14:50:27

Աւետիսներ՝ Էրեբունի թանգարանէն


Համատարած դժգոհութեան ու բողոքներու համապատկերի մէջ մեծապէս կը զանազանուին այն հաստատութիւններն ու անձերը, որոնք չեն ընկրկիր դժուարութիւններու դիմաց եւ առանց յուսահատութեան կընեն իրենց կարելին։ Այդ սկզբունքով կաշխատի Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի ղեկավարութիւնն ու աշխատակազմը եւ հերթական անգամ հանդէս կուգայ նոր նախաձեռնութիւններով։

Այսպէս երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքի արդիւնքով պաշտօնապէս յստակացած են Շէնգաւիթ ու Կարմիր Բլուր հնագիտական թանգարաններու տարածքները։ Առաջինի տարածքը կը կազմէ 559 արտավար, որմէ 32 արտավարը յուշարձանի բուն տարածքն է, իսկ երկրորդի տարածքը կը կազմէ 397 արտավար։ Բացի ատկէ երկու թանգարաններ Էրեբունին եւ Սէնթ Փէթէրսպուրկի Էրմիթաժը, նախաձեռնած են Եւրոպայի թանգարաններու մէջ ի պահ դրուած ուրարտական ժամանակշրջանի ցուցանմուշներու ալպոմ-քաթալոկ մը կազմելու աշխատանքին։

Երեք ամիսէ ի վեր երկու թանգարաններու մասնագէտները կը ճշդեն չափանիշները եւ արդէն իսկ տպագրութեան պատրաստ են 10 հազար լուսանկարներ։



Գանատա- Արիս Պապիկեան քաղաքացիութեան դատաւոր

Գանատայի գաղթականութեան նախարարութեան գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, ՜՜գաղթականութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի Օնթարիօ նահանգի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւոր նշանակած է Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեանը՝՝։

Արիս Պապիկեան երկար տարիներ եղած է Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ։ Ան անդամ է նաեւ Canadian Ethnocultural Council-ին, Օնթարիոյի շարժապատկերի գրաքննութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ Հորիզոն շաբաթաթերթի ներկայացուցիչն է Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդին մօտ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.