2009-07-12 15:34:33

Ս Պօղոսի ծննդեան 2000 ամեակի նուիրուած Յոբելինական տարուայ միջոցառումներ ու հոգեւոր բնոյթ կրող ձեռնարկներ: Դամասկոս-Սուրիա


Ս Պօղոսի ծննդեան 2000 ամեակի նուիրուած Յոբելինական տարուայ միջոցառումներ ու հոգեւոր բնոյթ կրող ձեռնարկներ: Դամասկոս-Սուրիա



Դամասկոսի մէջ, պատշաճ շուքով կատարուեցաւ փակումը Ս Պօղոսի ծննդեան 2000 ամեակին, Յոբելինական տարուայ զանազան միջոցառումներով ու հոգեւոր բնոյթ կրող ձեռնարկներով։

Ս Պօղոս առաքեալը (ինչպէս գիտենք) դարձի եկաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ ու իր քրիստոնէական հաւատքը ընդունեց քաղաքին մէջ։ Այս պատճառաւ իսկ ան Դամասկոսի մէջ կը վայելէ մեծ սէր ու քրիստոնեայ քաղաքացիները յատուկ ջեմեռանդութեամբ կը մօտենան անոր։

Յոբելենական տարուայ փակման հանդիսութիւնները կը վայելէին պետական հովանաւորութիւն ու այս առթիւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ ու ուխտաւորներ աշխարհի չորս ծագերէն, ժամանած էին Դամասկոս։ Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէր Սպանիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Անթոնիօ Մարիա Րուքօ Վալերա Կարտինալը։

Այս ձեռնարկներու կարեւորագոյններէն մէկը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Տար էլ Ասատ արուեստի եւ մշակոյթի տան ազգային Օբերայի սրահին մէջ, 27 Յունիս 2009 ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, կազմակերպութեամբ Յոյն Կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ Օփերայի տնօրէնութեան, Դամասկոսէն դէպի աշխարհ Ս Պօղոս ազգերու առաքեալ խորագրով։ Ներկայ էին Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆայսալ Միքտատի, բազմաթիւ հոգեւորականներ ու Դամասկոսի եկեղեցիներու առաջնորդներ, որոնց շարքին Դամասկոսի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը՝ Արհի. Յովսէփ Եպս Առնաութեան, դիւանագիտական մարմիններու անդամներ ու խուռներամ բազմութիւն մը։ Հանդիսութեան կը նախագահէին Յոյն Կաթողիկէ համայնքի Կրեկուար Գ Լահհամ Պատրիարքը Եւ Պենետիկդոս քահանայապետի ներկայացուցիչ Անթոնիօ Մարիա Րուքօ Վալերա կարտինալը։ Հանդիսութիւնը կը միտէր բեմական պատկերներով, լսատեսողական միջոցներու ու հոգեւոր երաժշտութեան ընկերակցութեամբ ներկայացնել Ս Պօղոսի կեանքի կարեւորագոյն հանգրուանները, շեշտը դնելով Դամասկոս քաղաքի վրայ որպէս հաւատարիմ հետեւորդ մեծ առաքեալի սիրոյ եւ համերաշխութեան պատգամներուն ու կրօնքներու համակեցութեան ու համերաշխ գոյակցութեան ։ Հանդիսութեան ընթացքին հնչեցին շարականներ 5 տարբեր լեզուներով, որոնք այսօր Դամասկոսի մէջ եկեղեցական ծէսերու ընթացքին լսելի կը դառնան։ Արդ Յունարէն , Արամերէն ,Ասորերէն լեզուներով շարականներուն շարքին՝ Քնար երգչախումբը որ կը սպասարկէ Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ներկայացուց հայ ծէսն ու հայկական հոգեզմայլ շարականները։ Երգչախումբը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու երգեհոնի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի յաջողութեամբ մեկնաբանեց յաջորդաբար Սրապեանի մշակմամբ Քրիստոս Յարեաւը, Յարութիւնեանի Գթա Տէրը, Ալթունեանի Նոր Ծաղիկը եւ վերջապէս Եկմալեան պատարագէն Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ շարականը։

Նշենք որ հանդիսութեան գլխաւոր կազմակերպիչն ու բեմադրիչն էր Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներէն պրն Շատի Սարուէն որ վերջին տարիներուն մեծ աշխատանք կը տանի հոգեւոր երաժշտութեան տարածման ի խնդիր ու կազմակերպիչն է շարականներու Քիսարադ ալ րուհ փառատօնին։ Նոյն այդ փառատօնի անունը կրող երգչախումբը խմբավարութեամբ Պրն Սարուէյի, աւարտին հասցուց հանդիսութիւնը երգելով արաբերէն լեզուով շարականներ ու ազգային հեղինակային երգեր որոնք կը հիւսէին գովքը Դամասկոսի՝ բնակուած ամենահին մայրաքաղաքը աշխարհի, ուր մարդիկ կ՝ապրին սիրով ու համերաշխութեամբ։ Հանդէսի աւարտին՝ խօսք առաւ Լահհամ պատրիարքը ան ըսաւ որ ՜՜Ս Պօղոս Դամասկոսէն մեկնեցաւ ամբողջ աշխարհին քարոզելու խաչեալ Քրիստոսը, իսկ այսօր ամբողջ աշխարհ կուգայ զինք մեծարելու Դամասկոսի մէջ՝՝ եւ հուսկ՝ պատրիարքը՝ Ս Պօղոսի պատկերը կրող յուշանուէրներ յանձնեց Սուրիղյ արտաքին գործոց փոխ նախարարին , Րուքօ Վալերա կարտինալին եւ հանդիսութեան կազմակերպիչ Շատի Սարուէին։

Նաեւ’ այս Յոբելինական տարուան առթիւ Սուրիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները մասնակցեցան Ս. Պօղոսի տարւոյն փակման Ս Պատարագին,

Պատարագը մատուցուեցաւ Դամասկոսի Զէյթուն թաղի մէջ գտնուող՝ Յոյն կաթողիկէ Պատրիարքական մեծ եկեղեցւոյ մէջ , գլխաւորութեամբ Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներու, որոնց շարքին ՝Բերիոյ թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք Միրիաթան ու Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Արհի. Յովսէփ եպս Առնաութեան, որ Պատարագի ընթացքին արաբերէնի թարգմանեց Սրբազան Քահանայապետին անձնական ներկայացուցիչ Անթոնիօ Րուքօ Վալերա կարդինալին քարոզը, իսկ Արհի. Պետրոս Արք Միրիաթան հայերէնով մաղթանք մը կատարեց: Ս. Զոհին ներկայ էին բազմահազար հաւատացեալներ։ Այս առթիւ նաեւ լսելի եղան Ուրախ լեր եւ Յայս յարկ շարականները կատարողութեամբ՝ Քնար երգչախումբի մենակատարներ Արամ Գայայեանի, Սարգիս Քէշիշեանի, ու ԺոզէՖ Իսկենտէրեանի, ընկերակցութեամբ՝ Շանթ Քէշիշեանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.