2009-07-12 15:34:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, յուլիս 12, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Կիրակնօրեայ մարեմեան հրեշտակ Տեառն աղօթքը, ինծի առիթ կ՝ընծայէ ձեզ ողջունելու սիրեցեալ հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ։ Կիրակի օրը մեծ բարիք մըն է մարդու համար։ Այս սուրբ օրը քրիստոնեաներուն համար աղօթքի օր է եւ անոնց առիթ կ՝նծայէ ամրապնդելու իրենց հոգեւոր կեանքը անսալով ու խորհրդածելով Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Պատարագին կը սնանինք Քրիստոսի սուրբ մարմնէն ու արիւնէն։ Կիրակին նաեւ հանգիստի օր է եւ ժամանակը ընտանիքին ու բարեկամներու հետ ապրելու։ Կը քաջալերեմ ամէնքդ ապրլելու շնորհքի այս ժամանակը Աստուծմէ խնդրելով որ ձեզ օրհնէ , ինչպէս նաեւ ձեր պարագաներն ու բարեկամները։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ երկշաբթի օրը կար ճժամանակուան մը համար լեռ պիտի քաշուիմ պահ մը հանգստանալու։ Ձեզի ցտեսութիւն ըսելով կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար։ Աղօթքը հեռաւորութիւն չի ճանչնար եւ ոչ ալ բաժանում, ուր որ ալ գտնուինք աղօթքով սրտով ու հոգւով միացած կը միանանք։ Ձեզի ամէնուդ բարի արձակուրդ կը մաղթեմ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը Գանատայի նախարարապետ` Ստիֆըն Հարպերին հետ։



Շաբաթ օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց գանատայի վարչապետը, որ յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործնախարար գերապայծառ Մանպերթիի հետ։

Սիրալիր հանդիպումներուն ընթացքին խօսուեցաւ 8 Մեծերու վեհաժողովին շոշափած միջազգային հարցերը եւ ի մասնաւորի աշխարհի տնտեսական ու ֆինանսական տագնապը ու անոր աղետալի անդրադարձը թերաճ երկրիներու վրայ եւ յատկապէս Ափրիկէի ցամաքամասի վրայ։ Նոյնպէս խօսուեցաւ բնապահպանութեան եւ ապազինումի մասին։ Ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հեռանկարին եւ կրօնական ազատութեան` կարգ մը երկիրներու մէջ։

Իսկ հայելով Գանատայի կեանքին ընդգծուեցան բարոյական արժէքները եւ կեանքի, ամուսնութեան ու ընտանիքի պաշտպանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.