2009-07-11 12:39:51

Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Անտրէ Վեն Թրուա, մամուլին կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը։


Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Անտրէ Վեն Թրուա, մամուլին կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը։

Փարիզի առաջնորդը մամուլի ներկայացուցիչներուն ըսաւ. նախքան մարամասնութիւններու մէջ մտնելը, կ'ուզեմ ձեզ մասնակից դարձնել իմ ունեցած տպաւորութիւններուս , այս շրջաբերական թուղթը կարդալէ ետք։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի երրորդ շրջաբերական թուղթը ինծի թուեցաւ նախ եւ առաջ ՜՜յոյսի յուժկու պատգամ մը՝՝, որ Հռոմի Պապը կ'ուզէ հաղորդել կաթողիկէներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց, որոնք առանց նախապաշարումի ունին տրամադրութիւնը զայն ընկալելու։ Այս է յոյսի պատգամը. ՜՜մարդկութիւնը առաքելութիւնն ու միջոցները ունի տիրանալու աշխարհին, որու մէջ կ'ապրինք՝՝։ Մարդը ոչ միայն ենթակայ չէ ճակատագրի, այլ եւ կարող է բարեփոխել աշխարհը, ներգործելով դէպքերուն վրայ եւ զարգացնելով արդարութիւնը եւ սէրը մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, ներառեալ ընկերային ու տնտեսական մարզերը։

Այս յոյսը կը հիմնուի համոզումի մը վրայ։ Մարդկային էակը իւրայատուկ ծաւալ մը ունի. ան ենթակայ չէ աշխարհի տարրերուն, ըլլան անոնք բնական, տնտեսական թէ ընկերային։ Ան իր այս գերադասութիւնը ընդունած է Բացարձակէն։ Ամէն անհատ հաւատացեալ թէ ոչ, կանչուած է, որ տայ բարոյական դատում մը ՜՜հարցի մը շուրջ՝՝, որ կը գերազանցէ իր սեփական շահերը, եւ՜՜ որուն՝՝ վկայ է խիղճը ։ Բնականաբար հաւատացեալին համար այս ''Բացարձակը'' ունի անուն մը որ է ՜՜Աստուած՝՝։

''Սէրը Ճշմարտութեան մէջ'' աւելի քան 100 էջնոց շրջաբերական թուղթին մէջ, պէտք չէ փնտռել ՜՜ընկերային կեանքի հայող լուծումներու ցանկ մը՝՝, անիկա՝ ՜՜ խթան մըն է բարոյական դատում մը տալու եւ գործադրելու այդ դատումը՝՝։

Ներածականին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ի յայտ կը դնէ միմիայն ՜՜ՍԷՐԸ՝՝ լուսաւորուած՝ գիտակցութեան ու հաւատքի լոյսով կարող է հասնիլ զարգացող կէտնպատակներու, որոնք կը ներփակեն աւելի մարդկային ու մարդկայնացնող արժէքներ։ Շրջաբերական թուղթին կեդրոնական նիւթերէն մէկն է ՜՜մարդու ամբողջական զարգացումը կամ աճումը՝՝։

Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ որ վերջին տնտեսական աճումը պատճառ եղաւ կարգ մը անհատներու ու երկիրներու հարստացումին եւ միաժամանակ աղքատութեան ծաւալումին շատ մը երկիրներուն եւ ամէն երկրէն ներս։

Հոս կ'ուզեմ ընդգծել (ըսաւ կարտ. Անտրէ Վեն Թրուա) շրջաբերական թուղթին կարեւոր երկու կէտերը. առաջինը՝ որ ՜՜ ոչ մէկ մարդկային ներգործութիւն կրնայ փախչիլ բարոյական պատասխանատուութենէն, ատիկա ըլլայ տնտեսական, ֆինանսական, թեքնիք կամ գիտական փնտռտուքի՝՝։Բարոյականութիւնը հետեւաբար արժէք մըն է իւրայատուկ մարդու։ Արդարութիւնը եւ ընդհանուրին բարիքը երկու չափանիշեր են արժեւորելու՝ այն ինչ որ համապատասխան է մարդկային իսկական զարգացումին։ Երկրորդ կէտը ՜՜խորհրդածութիւնը՝ համաշխարհայնականացումին ու անոր աճումին հետ կապին ։ Համաշխարհայնականացումին ծաւալումը նոր հարցեր յառաջ բերաւ աճումին համար։

Շրջաբերական թուղթը կը թուէ յառաջ բերուած նոր հարցերն ու վտանգները.

* Յանուն համաշխարհականացումի տնտեսական ու ֆինանսական աճումին կ'արհամարուին անոր՝ այսինքն համաշխարհականացումին ընկերային եւ մշակութային ծաւալները։

* համաշխարհայնականացումը՝ ներկայացուցած է ու կը ներկայացնէ բարենպաստ առիթ մը կարգ մը երկիրներուն եւ միաժամանակ եղաւ եւ կը մնայ աղէտալի, միջազգային օրէնքի չգոյութեան, այլ երկիրներու համար ։

* հարկաւորութիւն միջազգային օրէնքի համաշխարհականացումի տնտեսութեան, պետութիւններու եւ քաղաքացիական ընկերութեան համար, ներառեալ միջազգային մարմիններու համար։

* Համաշխարհականացումը ի յայտ կը դնէ բնական հարստութիւններու բաշխումը եւ արտադրութեան միջոցները։

Հակառակ շրջաբերական թուղթին ծաւալին ու շօշափած նիւթերու բազմազանութեան, անիկա ընդհանուրին մէջ ՜՜կը ներկայանայ միաւոր, տնտեսական ու ընկերային ներգործութեան պատասխանատուութեան ընդհանուր հեռանկարի ներքեւ՝՝։ Շրջաբերական թուղթին կէտնպատակն է ՜՜ըլլալ ի սպաս մարդուն՝՝։










  








All the contents on this site are copyrighted ©.