2009-07-11 12:37:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան տեսակցութիւնը՝ ԱՄՆԻ նախագահ Պարաք Օպամային հետ։


Ուրբաթ 10 Յուլիս 2009, յետմիջօրէին՝ Նորին Սրբութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպաման։ Նախապէս ԱՄՆի նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնյի եւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Մանպերթիի հետ։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շօշափուեցան ամէնուն բարիքի հայող՝ հարցերուն մասին նիւթերը, որոնք կը շահագրգռեն բոլոր ազգերու ապագան եւ բոլոր ժողովուրդներու բարգաւաճումը, ինչպէս ՜՜պաշտպանութիւնը ու պահպանումը կեանքի, եւ իրաւունքը խիղճի ազատութեան՝՝։

Նոյնպէս խօսուեցաւ փախստականներուն ու անոնց ընտանեկան վերամիացման մասին։ Խօսակցութեան առանցքը հանդիսացաւ միջազգային քաղաքականութիւնը, 8 Մեծերու վեհաժողովին լոյսով։ Խօսուեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան իրականացումին մասին, որուն համար ԱՄՆը եւ Վատիկանը համակարծիք են. նաեւ շօշափուեցան շրջանային այլ հարցեր։ Նոյնպէս խօսուեցաւ այժմէական այլ հարցերու մասին. երկխօսութիւնը մշակոյթի ու կրօններու միջեւ, տնտեսական-ֆինանսական տագնապը համաշխարհային գետնի վրայ եւ անոր բարոյական անդրադարձերը, սնունդի երաշխաւորումը, օգնութիւն՝ Ափրիկէին եւ Լատին Ամերիկային անոր բարգաւաճման ի խնդիր, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի վաճառքի դէմ լուծումներ։ Հուսկ ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը դաստիարակելու ազգերը հանդրժողութեան։

Իսկ այս առաւօտ, Շաբաթ 11 յուլիսին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Եւրոպայի համալսարականները։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

- Շաբաթ 11 յուլիս 2009-ին, լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Պենետիկտոսի տօնը, հիմնադիրը՝ Պենետիկտեան միաբանութեան ու Եւորպայի պաշտպան սուրբը։

- ՄԱԿը իր կարգին այս շաբաթ օրը կը յիշատակէ Ժողովուրդին համաշխարհային օր, ունենալով որպէս բնաբան. ՜՜նուաճել աղքատութիւնը, դաստիարակել պարմանուհիները՝՝։

- Հռոմի Թեմի տեղապահը կարտինալ Ակոստինօ Վալլինի երկու եպիսկոպոսներ օծեց Հռոմի հիւսիսային ու արեւելեան շրջաններուն համար Լատերանեան Աւագ տաճարին մէջ։

- Երկուշաբթի 13 Յուլիս 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը մեկնի Իտալիոյ Վալլէ տ՝Աուսդա լեռնաշրջանը, ուր Նորին Սրբութիւնը ամառնային հանգիստ պիտի կատարէ յուլիս մինչեւ 29 Յուլիս ։ Այս շրջանին, չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդրութիւնները պիտի չկատարուին, մինչ Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը պիտի կատարէ իր նստավայրին մէջ։ Վալլէ տ՝Աուսդա կատարելիք այս հանգստեան շրջանին աւարտին, Սրբազան Հայրը, Գասդել-Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցը պիտի փոխադրուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.