2009-07-10 15:00:32

Լուրեր քրիստոնեայ եւ հայ աշխարհէն

Լիբանանի մօտ Քահանայապետական Նուիրակին այցելութիւնը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, Հինգշաբթի օրը, 9 յուլիս 2009ին, Զմմառու մայրվանքին մէջ ընդունեց քահանայապետական նուիրակը` գերապայծառ Լուիճի Կաթթին։

Ան 8 տարի ծառայելէ ետք Լիբանանի մէջ, կը վերադառնայ Հռոմ նոր առաքելութեան մը համար։ Հանդիպումին ընթացքին քահանայապետական նուիրակը եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսակցեցան եկեղեցական ու քաղաքական նիւթերու մասին։ Հանդիպումին աւարտին Զմմառու վանահայրը գերապատիւ Միքայէլ ծայրագայն վարդապետ Մուրատեան քահանայապետական Նուիրակին նուիրեց ՜՜Երանելի Մալոյանի՝՝ յուշամետալը, մաղթելով իրեն քաջարողջութիւն, յաջողութիւն ու բարի առաքելութիւն։



Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը քոյր Թէոտորային

Գահիրէ։

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը քոյր Թէոտորա Մուրատեանին, որ պատահեցաւ Գահիրէ, Կիրակի 5 Յուլիս 2009ին յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Քոյր Թէոտորա Մուրատեան ծնած է 1930-ին, Հալէպ։ Իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք միաբանութեան տարբեր դպրոցներուն մէջ, 1947-1948 թուին անցած է Հռոմ, ուր 1951-ին իր ժամանակաւոր ուխտերը կատարած է։

Առաքելութեան ղրկուած է Լիբանան եւ Սուրիա (յատկապէս՝ Քամիշլի), միեւնոյն ժամանակ իր ուսումը շարունակած է։ Երկար ժամանակ ծառայած է Եգիպտոսի մէջ եւ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Կաթողիկէ քոյրերու դպրոցի զարգացման։

1993-էն 2000, վարչական եւ ընդհանուր մատակարար էր միաբանութեան, հանգուցեալ կրօնաւորուհի՝ քոյր Թէոտորա մեծապէս օժանդակած է բոլոր առաքելավայրերուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2008-2009 Տարեշրջանի Հունձքը

Հայ քոյրերու վարժարանը, նոր իրագործումներով եւ յաջողութիւններով լի ուսումնական տարի մը եւս բոլորեց՝ տալով Մանկապարտէզէն երեսուն, իսկ միջնակարգէն՝ 19 շրջանաւարտներ։

13 Յունիսին տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի հանդէսը, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Կլէնտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վարդապետ Սարոյեանի, վարժարանիս քոյրերուն, հիւրերու, ծնողներու եւ մեծ ծնողներու։ Հանդիսութիւնը սկսած էր Սոնա Գազանճեանի բացման խօսքով, ուր ան ծնողներուն ներկայացուց իրենց զաւակներուն իրագործած ծրագիրները եւ հաստատեց, թէ այսօրուան վկայեալները արդէն իսկ պատրաստ են երթալու Ա. դասարան: Վերջաւորութեան, ծափողջոյններու տարափին տակ, փոքրիկ վկայեալները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհի՝ քոյր Լուսիայի փակման խօսքով: Ան շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, որ այդպիսի եզակի հանդիսութիւն մը պատրաստած էր։

Ութերորդ դասարանի պարագային, աշակերտները պիտի բաժնուէին իրենց երկրորդ տունը դարձած վարժարանէն, իրենց հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ։ Անոնց հրաժեշտի արարողութիւնը սկսաւ եկեղեցիէն:

Կիրակի, Յունիս 7ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակցեցան Հայ քոյրերու վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։

Անոնք եկած էին, որպէսզի Աստուծոյ, իրենց հոգիներուն մէջ քրիստոնէական առաջին սերմերը ցանած քոյրերուն, իր պատարագներով եւ դաստիարակիչ քարոզներով զիրենք յորդորող վարդապետին, դաստիարակներուն ու ծնողներուն իրենց երախտագիտական զգացումները յայտնեն, եւ իրենց ուխտը կատարեն՝ խոստանալով ըլլալ լաւ քաղաքացիներ ու պատուաբեր հայ քրիստոնեաներ։ 19 շրջանաւարտները մասնակցեցան Ս. պատարագի արարողութեան, յաջորդ Կիրակի, 13 Յունիսինին աւարտական պաշտօնական հանդիսութիւն եղաւ, , վարժարանի «Դանիէլեան» սրահէն ներս, ուր շրջանաւարտները, 11 տարիներու աշխատանքէ, նախապատրաստութենէ ետք, լիցքաւորուած անհրաժեշտ գիտելիքներով, սպառազինուած ազգային կրօնական դաստիարակութեամբ՝ հրաժեշտ տուին ու մեկնեցան դէպի նոր միջավայրեր:

Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեան, վարժարանի քոյրերը, դաստիարակներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Արտասանուեցան պաշտօնական խօսքեր՝ անգլերէնով եւ հայերէնով, տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի եւ դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեանի ու Անդրանիկ Պօղիկեանի կողմէ, իսկ աշակերտութեան անունով սրտի խօսք արտասանեցին Մէրի Նաճարեան (հայերէն) եւ Մարալ Պոյաճեան (անգլերէն)։ ։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն ոտանաւորներով, խմբերգներով,

Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները իրենց վկայականները եւ մրցանակները ստանձնելէ ետք, ներկաներու ծափողջոյններու եւ ուրախութեան արտայայտութիւններով աշակերտները մէկ կողմ նետեցին իրենց գլխարկները ու հեռացան սրահէն, մինչ «Վերջին զանգը»ի երաժշտութեան արձագանգը տակաւին կը յամենար դպրոցի պատերէն ներս։ Անոնք իրենց շրջանաւարտի գլխարկները մէկ կողմ թողած՝ պիտի ուղղուին դէպի աղբիւրը լոյսի։ Այսպիսով, 19 շրջանաւարտներու ուսումնական ուղեւորութիւնը վերջ գտաւ Անտոն վրդ. Սարոյեանի եւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Թաշճեանի «Պահպանի»չով։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.