2009-07-10 15:00:58

Էջ մը հայ երաժշտութենէն

Այսօր պիտի խօսինք Ռումանահայ հմուտ երաժշտագէտ Էմանոյիլ Չոմաքի մասին


Ծագումով հայ 1890-ին Ռումանիա ծնած հմուտ երաժշտագէտ՝ Էմանոյիլ Չոմաք ունեցած է բեղուն գործունէութիւն երաժշտութեան մարզին մէջ։ Հրատարակած է յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ, մենագրութիւններ եւ օփերայի շարք մը երգատետրերու թարգմանութիւններ։ Վերջերս երկրորդ անգամ լոյս տեսած էր Չոմաքի ՜՜Ներդաշնակութեան բանաստեղծները ՝՝ վերնագրով հատորը որ հրատարակուած էր 1936-ին որպէս ռումանական երաժշտագիտութեան առաջին իրագործումներէն մէկը։ Գիրքը կ՝ընդգրկէ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւն համաշխահային համբաւի տիրացած շարք մը երաժշտագէտներու մասին ինչպէս Պախ, Պեթհովէն, Շուման, Շոփէան, Վերտի եւայլն.։ Այս հատորը ունի իր շարունակութիւնը երկու այլ հատորներ եւս որոնք հեղինակին մահուան պատճառաւ ցարդ մնացած են ձեռագիր վիճակի մէջ։ Երկրորդ հատորը կը բովանդակէ մենագրութիւններ Հենտելի, Մոցցարթի, Րոսսինիի, եւ Շթրաուսի նման երաժշտահաններու մասին. իսկ երրորդ հատորը կը շօշափէ հետեւեալ նիւթերը. ՜՜ Երաժշտութեան սկզբնաւորութիւնը, Նախկին Յոյները, Սպանացիները, Հայերը, Չեխոսլովաքները ռուսական պալէթները եւ այլ հետաքրքրական նիւթեր։ Հայազգի երաժշտագէտ՝Էմանոյիլ Չոմաք մահացած է 1962-ին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.