2009-07-09 13:38:55

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայ սպաներ աւարտած են Յունաստանի Միացեալ բարձրագոյն պատերազմական ակադեմիան


Յունաստանի Միացեալ բարձրագոյն պատերազմական ակադեմիայի մէջ (ADISPO) 3 Յուլիսի 2009-ին կայացած է շրջանաւարտ ունկնդիր սպաներու աւարտական արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են Պաշտպանութեան փոխ նախարար Իոաննիս Փլաքիոթաքիսը, բարձրաստիճան հրամանատարական կազմը եւ Յունաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ։

Արարողութեան մասնակցած են ի շարս այլոց՝ աւարտական վկայականներու արժանացած յիշեալ բարձրագոյն ռազմաուսումնական հաստատութիւնը աւարտած՝ առաջին հայ սպաները՝ հազարապետ Սամուէլ Սարգսեան եւ գնդապետ Արմէն Աւանեսեան, որոնք նախապէս ուսած եւ աւարտած են ՜՜Էվելփիտոն՝՝ ռազմական ակադեմիան։

Ամփոփման ընթացքին ակադեմիայի ղեկավարութեան կողմէն առանձնայատուկ կերպով ընդգծուած է հայ սպաներու ուսումնառութեան ընթացքին դրսեւորուած՝ գերազանց յառաջադիմութիւնը։ Ըստ առկայ պայմանագրին, ընթացիկ տարւոյն ընթացքին նմանապէս կը սպասուի առաւել մեծ թիւով հայ սպաներու ընդգրկումը վերոյիշեալ ակադեմական դասընթացներուն։



Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի մէջ շնորհահանդէս Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԹ. հատորին

Հովանաւորութեամբ Հալէպի հայ երեք համայնքապետներուն, վերջերս Սուրիոյ հայաշատ քաղաք Հալէպի՝ Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան ՜՜Լեւոն Շանթ՝՝ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարիներու վաստակ ունեցող ու հայրենի փառքը վայելող Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԹ. հատորին շնորհահանդէսը։

Ներկա էին եւ խօսք առին Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան , Բերիոյ առաջնորդ գերշ. Շահան եպս. Սարգիսեան եւ Բերիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան. ներկայ էր նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր գերյ. Հ Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան , բանասէր, թարգմանիչ եւ Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական ամպիոնի դասախօս եւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի աշխատակից Միհրան Մինասեան, հոգեւոր հայրեր, քահանաներ, գրագէտներ եւ գրականութիւնը սիրող ու գնահատող հայորդիներ։

Կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Մարի Արապաճեան եւ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեան որոնք ներկայացուցին հայկական երգեր Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։ Սահիկներու ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանէն ժամանած Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի խմբագրական կազմէն Անդրանիկ Տագէսեան եւ Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուցին Հայկազեան համալսարանը՝ անցեալէն մինչեւ այսօր։ Համալսարանի գործնական ծրագիրները, շինարարական կառոյցի զարգացումը, ուսանողական եւ դասախօսական կազմը, հիմնադրման շրջանէն առ այսօր։

Արմէն Իւրնէշլեան մատնանշեց, որ համալսարանը ունի երկու գրադարան, անոնցմէ մէկը՝ Տէրեան գրադարանը, յատկացուած է հայագիտական ուսումնական ծրագիրներու իրագործման։

Հատորին մատուցումը կատարեց, Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական ամպիոնի դասախօս ՝ բանասէր եւ թարգմանիչ Միհրան Մինասեան որ նկարագրեց 484 էջերէ բաղկացած ստուար հատորին բովանդակութիւնը իր բոլոր բաժիններով, որմէ ետք ներկայացուց հատորին 20 յօդուածները, անոնց բովանդակութիւնը եւ յօդուածագիրները (սփիւռքահայ եւ հայրենի), հպանցիկ, սակայն ամբողջական մատուցումով։

Իսկ գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան պատասխանատու խմբագիրը Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին իր սրտի խօսքին մէջ, երեկոն անուանեց ՜՜արժեւորումի եւ գնահատանքի երեկոյ՝՝ ան նաեւ ըսաւ. ՜՜Շարունակեցէ՛ք գնահատել հայութիւնը, շարունակեցէ՛ք գնահատել հայ մշակոյթը, աժան ժողովուրդի զաւակ չենք, մեր գինը սուղ է, աժան մի՛ ծախէք զայն եւ ձեր զաւակները հայ մեծցուցէ՛ք՝՝։

Աւարտին Օրուան բեմավարուհին Լոռիկ Չարիքեան հրաւիրեց հայ երեք համայնքապետները, հիւպատոսը եւ Անդրանիկ Ծ վրդ. Կռանեանը, հատելու Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 29-րդ հատորի հրատարակման առթիւ շնորհահանդէսի կարկանդակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.