2009-07-09 13:48:36

 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 



ԱՐՑԱԽԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԸ ՊԷՏՔ Է ՈՐՈՇԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

(Կ'ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ)։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը, Պեռնար Ֆասիէն, Մեթիու Պրայզան եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն առնչուող հարցեր։ Հանդիպումէն ետք լրագրողները խնդրած են, որ Նալբանդեանը մեկնաբանէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղին Ազրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավարութիւն տրամադրելու մասին։ Նալբանդեան ըսած է որ ՝՝Արցախի կարգավիճակին հարցը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին որոշելիքը չէ եւ այդ հարցին որոշման իրաւունքը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին կը պատկանի՝՝։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԱՆԻ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑԵԼԷ ԵՏՔ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՐԶԱԲԱՆԵՆ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՂԱՐԱԲԱՂ ՉԳԱՑԻՆ։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Մեթիու Պրայզան (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանին եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստութեան առնչուող հարցեր։ Աւելի ուշ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ այս անգամ ալ համանախագահները Ստեփանակերտ չեն այցելած, ըսած է, որ եղանակային պայմաններու պատճառով ուղղաթիռով Ղարաբաղ հասնիլը դժուար է։ Այս պատասխանը լրագրողներուն ծիծաղը յառաջացուցած է։ Համանախագահը առաջարկած է չծիծաղիլ եւ Բակօ Սահակեանէն անձամբ ճշդել իր ըսածին իսկութիւնը։ Ան խոստացած է, որ յաջորդ անգամ պիտի փորձեն ինքնաշարժով հասնիլ Ստեփանակերտ։ Համանախագահները այս անգամ շրջան այցելած են, նախապատրաստելու համար 17 յուլիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻՆ։

Երէկ ,ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այցելեց Պաապտայի պալատը, ուր զինք դիմաւորեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյման։ Նախագահ Սլէյման դրուատեց Ազնաւուրի երկար տարիներու ներդրումը արուեստի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ անոր նկատմամբ լիբանանցիներուն տածած սիրոյն մասին։ Առ ի գնահատանք՝ նախագահը Ազնաւուրը պարգեւատրեց լիբանանեան առաջին կարգի արժանեաց ոսկեզօծ շքանշանով։



ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի Կեդրոնական

ու Արեւելեան Եւրոպայի եւ ԱՊՀ-ի Երկիրներու Տարածաշրջանային

Գրասենեակի Ղեկավարը ։ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի ու ԱՊՀ-ի երկիրներու տարածաշրջանային Գրասենեակի ղեկավար Սթիվըն Ալլենին։ Ըստ Տիգրան Սարգսեանի, 2010-2015թթ համար նախատեսուող ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանի մէջ առաւել արդիւնաւէտ կերպով իրականացնել կանանց եւ երեխաներու վիճակի շարունակական բարելաւման գործընթացները։








All the contents on this site are copyrighted ©.