2009-07-08 13:57:10

Լուրեր հայկական կեանքէն

Հայաստանի աշակերտներ արժանացած՝ մաթեմատիքի մրցոյթին լաւագոյն արդիւնքներուն։ Մետալակիրները, հանդիպում ունեցած են Հ Հ նախագահ Ս. Սարգսեանի հետ։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է մաթեմատիկայի Կենգուրու միջազգային մցոյթի յաղթող եւ մարզերու մէջ լաւագոյն արդիւնք ցուցաբերած աշակերտներու եւ այս տարուայ մետալակիր դպրոցական շրջանաւարտներու հետ։

Նախագահը իրենց ուղղած է ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսք մը որմէ ետք, աշխուժ զրոյց տեղի ունեցած է երեխաները հետաքրքրող հարցերու շուրջ։ Անոնք փափաք յայտնած են պարզել նախագահի վերաբերմունքը հայ երիտասարդներու՝ արտերկրի մէջ ուսանելու խնդրի մասին, նաեւ այն մասին, որ ուսման մեկնած անձերու որոշ մասը չի վերադառնար։

Սերժ Սարգսեան ըսած է. ՜՜ կարեւորն այն է, որ երիտասարդները լաւ կրթութիւն ստանալու ցանկութիւն ունենան, իսկ դրա համար լաւ հնարաւորութիւններ կան թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտերկրի մէջ՝՝։ Սերժ Սարգսեան ըսած է, որ ոչ միայն կողջունէ երիտասարդներու արտերկրի մէջ կրթուելու ձգտումը, այլեւ կօժանդակէ այդ գործին, ինչի վկայութիւնն են կառավարութեան նախաձեռնութիւնները այդ ոլորտէն ներս արտերկրի մէջ ուսանողներուն աջակցող հիմնադրամի ստեղծումը եւ այլ քայլեր։



Գանատական հեռուստատեսութեան արտադրիչներէն Սոֆի Մարտիրոսեան՝

մրցանակի արժանացած է

Գանատական հեռուստատեսութեան կազմակերպած Banff World Television Festival փառատօնին ընթացքին, հայազգի Մարկարեթ Մարտորոսեանի Անահիտ ընկերութեան կողմէ արտադրուած Family Restaurant (Ընտանեկան ճաշարան) ծրագիրը արժանացած է զուարճանքի յայտագիրներու Լաւագոյն Մրցանակին։ Այս մրցանակը յաջորդած է հազիւ մէկ օր առաջ, Best Lifestyle/information ծրագրի Rockie Awardի կողմէ տրուած մրցանակին։

Մարկարեթ Մարտիրոսեան հիմնած է Անահիտ արտադրողական ընկերութիւնը, որ հեռատեսիլի յատուկ յայտագիրներ կը պատրաստէ, յատկապէս գանատական հեռուստատեսութեան համար։

Մարկարեթ եւ Սոֆի Մարտիրոսեանները զաւակներն են նախկին յունահայ, այժմու գանատաբնակ (Վանգուվըր) Ռոզի Մանուկեան-Թոքաթլեանի, որ ամուր կապեր կը պահէ միշտ մեր գաղութին հետ։

Իր մրցանակը ստանալով Սոֆի, որ տուեալ յայտագրի արտադրիչն է, յայտնեց թէ հպարտ է որ արժանացած է այսպիսի նուաճումի մը։

Նշենք, թէ 29 երկիրներէ 800 թեկնածուներու շարքին, միայն 5 գանատական ընկերութիւններ ստացան 2009ի Rockie award մրցանակը, որոնցմէ մին՝ Անահիտ ընկերութիւնը տիրացաւ Լաւագոյն Մրցանակի տիտղոսին։

Հեռատեսիլի եւ շարժապատկերի յայտագիրներու աշխարհի մէջ ամէնէն ազդեցիկ 100 ընկերութիւններու շարքին, Անահիտ ընկերութիւնը երկու անգամ ներառնուած է կարեւոր այս ցանկին մէջ։ Ընկերութեան տնօրէնուհի՝ Մարկարեթ Մարտիրոսեան կը յայտնէ, թէ միշտ ջանք տարած են որակեալ եւ փնտռուած յայտագիրներ պատրաստելու, ժողովուրդի զուարճութեան բայց նաեւ զարգացման նպաստող ծրագիրներու ընտրութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.